Հայաստանը պէտք է ճանաչելի դարձնել արտաքին աշխարհին - Կարէն Կարապետեան

By Asbarez | Wednesday, 22 February 2017



ԵՐԵՒԱՆ -  ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան մօտ Ներգնայ զբօսաշրջութեան միութեան անդամներու եւ զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած է զբօսաշրջութեան բնագաւառի զարգացման ուղղուած հարցեր ու խնդիրներ: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է երկրի ճանաչելիութեան բարձրացման, արտերկրի մէջ հայկական զբօսաշրջութեան արդիւնքի ներկայացման, զբօսաշրջութեան ապակեդրոնացման, միջազգային թռիչքներու յաւելումին: Ներգնայ զբօսաշրջութեան միութեան նախագահ Արա Պետրոսեան նշած է, որ հայկական զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները կը մասնակցին միջազգային տարբեր ցուցահանդէսներու, որունց նպատակն է տարբեր շուկաներու մէջ լաւագոյնս ներկայացնել Հայաստանի զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններն ու գրաւչութիւնը: Պետրոսեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ մատուցուող զբօսաշրջութեան ծառայութիւնները՝ հիւրանոց, հանրային սնունդ, փոխադրամիջոց եւ այլն, մրցունակ են եւ անհրաժեշտ է աշխատանքներ տանիլ մատչելի գիներով գործող օդանաւային ընկերութիւններու ներգրաւման ուղղութեամբ: Նշուած է նաեւ, որ վերջին շրջանին կը նկատուի Ռուսիայէն համագործակցութեան զբօսաշրջութեան լուրջ աճ:

Անդրադառնալով Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ներգնայ զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման՝ վարչապետը զբօսաշրջութեան պատասխանատուները յորդորած է ներկայացնել յստակ ծրագիր, ուր նշուած պիտի ըլլան պետութեան եւ մասնաւոր հատուածի գործառոյթները: <<Ձեւակերպեցէք իրագործելի, տրամաբանութիւն ունեցող, կառուցողական, խելացի եւ համակարգուած ծրագիր: Հայաստանը պէտք է ճանաչելի դարձնել արտաքին աշխարհին եւ այդ նպատակով անհրաժեշտ է օգտագործել հնարաւոր բոլոր հարթակները>>, նշած է Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետը կարեւոր համարած է տարածաշրջանային զբօսաշրջութեան փաթեթներու մշակումը եւ մարզային զբօսաշրջութեան շուկայի ձեւաւորումը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան առջեւ ոլորտի հետեւողական զարգացման խնդիր դրուած է. այժմ աշխատանքներ կը տարուին Հայաստան մէջ միջազգային նոր, մատչելի օդանաւային ընկերութիւններու ներգրաւման ուղղութեամբ:

 

comments