By Aztag Daily | Monday, 27 February 2017

<<Տիսքուրս>> հաղորդումին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի մամլոյ բանբեր, Քոնկրես-ՀԺԿ դաշինքի ցուցակով պատգամաւորութեան թեկնածու Արման Մուսինեան խօսած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերու ծրագիրներու արտաքին քաղաքական բաղադրիչներուն շուրջ:
<<Մենք ունեցած ենք խնդիր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հետ, տեսած ենք, որ ժամանակի ընթացքին կրնանք ազդել նախագահին ու Հանրապետականին վրայ, եւ որոշ փոփոխութիւններ բերել իրենց մօտեցումներուն մէջ: Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումը նախապայման է, որ մեր ըսած քաղաքականութիւնը իրականանայ: Մենք չեն կիսեր այն մօտեցումը, որ հիմա աւելի վատ վիճակի մէջ ենք, քան 1998 թուականին: Ընդհակառակն, եթէ 1998-ին կ՛ըսուէր, որ կարգավիճակի հարցի մասին օր մը կը խօսինք, ոչ մէկ սկզբունք կար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լուծուի կարգավիճակի հարցը, հիմա առնուազն կ՛ըսուի, որ կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ>>, ըսած է Կիրօ Մանոյեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ