Արցախի Հանրապետութեան նախագահը յարգանքի տուրք մատուցեց Սումկայիթի Ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակին

By Asbarez | Wednesday, 01 March 2017

 

0301pako

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Սումկայիթի ջարդերու 29րդ տարելիցին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 28ին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ դրաւ անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

comments