By Aztag Daily | Sunday, 05 March 2017

3 մարտի խորհրդարանական զրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) նախընտրական կարգախօսին` <<Խաղաղութիւն եւ բարի դրացնութիւն>>, որ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն կը վերաբերի:
<<Մենք դէմ ենք նման մօտեցումի մը, որովհետեւ նախքան նման կարգախօսի մը հրապարակումը ՀԱՔ պէտք է ըսէ, թէ Հայաստան մինչեւ այսօր ի՛նչ քայլերու չդիմեց հաշտութեան համար: Ես վստահ եմ, որ Հայաստանը այդպիսի խնդիր չունի, որովհետեւ պատերազմը մեզմէ չէ ծագած, մեր կողմէ չեն կատարուիր խախտումները, որոնց մասին ամէն օր կը լսենք` զինադադարի խախտման, յարձակողական վարուելակերպին ու զինուորական գործողութիւններուն առնչուող: Երբ նախընտրական ժամանակաշրջանին կը դիտարկենք այս կարգախօսը, ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ իրենք իշխանութիւն ըլլան, այնպիսի քայլերու պիտի դիմեն, որ արագ ձեւով խաղաղութիւն եւ կայունութիւն սահմանուի:
<<Ես անձամբ` Ազրպէյճանի քաղաքականութեան վերաբերող մէկ տարբերակ կը տեսնեմ` բաւարարել Ազրպէյճանի փափաքները, որովհետեւ այլ ձեւով կարելի չէ հասնիլ խաղաղութեան: Խաղաղութիւնը միակողմանի փափաքով չ՛իրականանար, ատիկա պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, որ ներկայիս փակուղիի մէջ է Ազրպէյճանի պատճառով>>, նշեց Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ Ռուստամեանի, Ազրպէյճան իր վարուելակերպին պատճառով անբանակցելի կողմ դարձած է, ծիծաղելի կը թուի անոր զիջումը` կարգավիճակին առնչութեամբ, երբ կ՛առաջարկէ ինքնավարութեան բարձր աստիճան Արցախին համար` մոռնալով, որ նախքան պատերազմը արդէն Արցախը Ազրպէյճանի իրաւասութեան դաշտէն դուրս կը գտնուէր, եւ ունէր ինքնավարութեան այդ աստիճանը, հետեւաբար Ալիեւի առաջարկը ծիծաղելի է: Ըստ Ռուստամեանի, <<ըստ էութեան, Ազրպէյճան որեւէ զիջումի պատրաստ չէ: Եթէ խաղաղութեան դիւրին ձեւ կ՛ուզենք, ապա միակ լուծումը յանձնուիլն է, եկէ՛ք յանձնուինք, տա՛նք Ազրպէյճանին ուզածը, որպէսզի վերջապէս բաւարարենք անոր քմահաճոյքները>>, շեշտեց Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ժամանակին <<տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց>> դիրքորոշման պատճառով էր, որ ՀԱՔ-ի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրաժարական տուաւ, քանի որ այդ մօտեցումը մերժեց ո՛չ միայն հայ ժողովուրդը, այլ նոյնիսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շրջապատը:
Արմէն Ռուստամեանի համոզումով, լուծում կրնայ գոյանալ բանակցութիւններու միջոցով, եթէ Ազրպէյճան ընդունի Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքն ու անոր գործադրութիւնը: Անոր համաձայն, ՀԱՔ-ի թէզը առաւելաբար արտաքին բարեհաճութիւն ստանալու խնդիրներ կը լուծէ: Եւ եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ազրպէյճանին ուղղակի խօսք ուղղէ` ըսելով, որ Ազրպէյճանը թող ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եւ Հայաստանը պատրաստ է երթալու փոխադարձ զիջումներու եւ խաղաղութեան, ապա Արմէն Ռուստամեան կ՛ողջունէ այդ կարգախօսը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ