Բակօ Սահակեան վարչակազմերու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ քննարկած է շարք մը ծրագիրներ

By Asbarez | Wednesday, 08 March 2017

0308pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 7ին աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարները, Ստեփանակերտի քաղաքապետի մասնակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Արացախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութենէն:

Քննարկուած են շրջաններուն եւ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու վերաբերող հարցեր:

Երկրի ղեկավարը յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

 



comments