Պիտի շարունակեմ պայքարը, որ պիտի ըլլայ աւելի կտրուկ եւ թէժ - Հաց Բերող

By Asbarez | Wednesday, 08 March 2017

0308arthur

ԵՐԵՒԱՆ, <<Սիվիլնեթ>> - <<Պիտի շարունակեմ իմ պայքարը. անիկա պիտի ըլլայ աւելի կտրուկ եւ թէժ>>. Սիվիլնեթի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է <<Արմէնիա>> բժշկական կեդրոնին մէջ գտնուող Արթուր Սարգսեան՝ <<Հաց բերող>>ը, որ Երեքշաբթի, 7 Մարտին, վերակենդանացման բաժանմունքէն տեղափոխուած է աղեստամոքսային բաժանմունք: Ան պատմեց, որ երէկուընէ սկսած է սնունդ ընդունելու:

Սարգսեան ըսած է, որ կը գտնուի բաւարարող վիճակի մէջ, ցաւեր կան, սակայն <<ատոնք էական չեն>>:

<<Եթէ կալանքը երէկ չփոխուէր, հացադուլը պիտի շարունակէի մինչեւ վերջ>>, յայտարարած է <<Հաց բերող>>ը:

Իր ընելիքներուն մասին <<Հաց բերող>>ը ըսած է, որ առաջին քայլը պիտի ըլլայ <<վիժեցնել Ապրիլ 2ի ընտրութիւները, որոնք այսօրուան իշխանութիւնները յայտարարած են իբրեւ յաղթանակի եւ ընտրութիւններու օր>>:

 



comments