By Asbarez | Wednesday, 08 March 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Երեքշաբթի, 7 Մարտին, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կանանց միջազգային օրուան նուիրուած տօնական միջոցառման ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտնած է, որ զինուորականի ուսադիր կրելը կնոջ համար դիւրին գործ չէ, բայց ոչ թէ այն պատճառով, որ կիները տղամարդոցմէ որեւէ հարցով թոյլ են, այլ որովհետեւ անոնց բեռը կրկնակի է:
Բանակին ծառայող կիներու, զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորներու հարազատներու, ժամկէտային զինուորներու մայրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած տօնական այս միջոցառման ընթացքին, նախարար Սարգսեան անդրադառնալով հասարակութեան եւ ընտանիքին մէջ կնոջ դերին՝ շեշտած է, որ ինք խորապէս վստահ է, որ <<բանակն ամուր է ձեզանով, որովհետեւ ձեր ջերմութիւնը, ներկայութիւնն ուժ է հաղորդում տղամարդկանց եւ միեւնոյն ժամանակ սթափեցնող շատ կարեւոր գործօն ունի, որպէսզի տղամարդիկ աւելի զուսպ, շրջահայեաց ու խոհեմ լինեն իրենց գործերում եւ խօսքերում>>: Նախարարը աւելցուցած է, որ ինք շատ կը փափաքի, որ կանայք տղամարդոց հաւասար հնարաւորութիւններ ունենան բանակին մէջ:
<<Խօսքը ոչ թէ կանանց պարտադիր ժամկետային զինծառայութեան ներդրման մասին է, այլ լիարժէք հնարաւորութիւնների, մասնագիտական աճի եւ պայմանների ստեղծման ու ապահովման մասին այն կանանց համար, ովքեր ցանկութիւն ունեն ծառայելու>>, ընդգծած է նախարարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ