Զարուհի Փոստանջեան քաղաքական նոր ուժ կը հիմնէ

By Asbarez | Thursday, 09 March 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Փետրուար 27ին, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան խորհրադարանի բեմէն յայտարարած էր, որ պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան, իր դիմումին համաձայն, դուրս եկած է <<Ժառանգութիւն>> խմբակցութենէն:

Չորեքշաբթի, 8 Մարտին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին Փոստանջեան յայտարարեց, որ Հայաստանի քաղաքացիներու հետ կը նախաձեռնէ հիմնել քաղաքական նոր հարթակ, որ պիտի աշխատի համախմբել համայն հայութիւնը եւ պաշտպանել անոր իրաւունքները:

<<Որովհետեւ մեզանում մեր հայրենակիցները այսօր զրկուած են իրենց քաղաքական իրաւունքները լիարժէք օգտուելուց եւ լիարժէք հնարաւորութիւն չունեն՝ մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին>>, ընդգծած է Փոստաջեան, լրագրողները հրաւիրելով նախաձեռնութեան հիմնադիր համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին:

Փոստանջեան նաեւ յայտնեց, որ նորաստեղծ ուժին միջոցաւ սփիւռքահայութիւնը անմիջական մասնակցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի քաղաքական կեանքի ձեւաւորման, պիտի օգտուի ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքէն.

<<Մենք հասկանում ենք, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնում բնակուող քաղաքացիների շուրջ 50 տոկոսը բաւականին խոցելի վիճակում է՝ թէ սոցիալապէս, թէ աշխատանքի ենթակայութեան համատեքստում>>, յայտարարած է Փոստաջեան:

Հաշուի առնելով Հայաստանի բնակչութեան խոցելիութիւնը, Փոստաջեան համոզուած է, որ  իշխանութեան բռնազաւթումը հնարաւոր է, որ շարունակուի եւ որպէսզի կարելի ըլլայ <<ճեղքել>> այս իրավիճակը, անհրաժեշտ է ստանալ Սփիւռքի հայերու աջակցութիւնը:

 



comments