By Asbarez | Thursday, 09 March 2017

ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի աւագանիի որոշումով, Երկուշաբթի, Մարտ 6էն սկսեալ ուժի մէջ կը մտնէ ելեկտրամոպիլներուն (ելեկտրական ինքնաշարժ) կայանատեղի կամ կանգառի տեղական վճարումի ուղղութեամբ արտօնութիւն սահմանելու մասին որոշումը: Նշեալ արտօնութիւնէն օգտուելու համար ելեկտրամոպիլներու տէրերը կամ այլ օրինական պատասխանատուները պէտք է համապատասխան դիմում ուղարկեն Երեւանի քաղաքապետին՝ կցելով դիմումը հիմնաւորող անհրաժեշտ փաստաթղթերը:
Ելեկտրամոպիլներու տէրերուն ինքնաշարժի կայանի տեղական վճարէն (<<կարմիր գծեր>>) ազատելու առաջարկը քաղաքապետարանին ներկայացուցած էր <<Հայ-ամերիկեան բարեկամութիւն>>ը՝ <<Կանաչ ենթակառուցուածքներ>> ծրագիրի շրջագիծին մէջ։
<<Հայ-ամերիկեան բարեկամութիւն>>ի խորհուրդի անդամ, <<Կանաչ ենթակառուցուածքներ>> ծրագիրի նախաձեռնողներէն Ռուբէն Յարութիւնեան <<Մեդիամաքս>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է. <<Ինչպէս քաղաքապետարանին ուղղուած <<կարմիր գծեր>>ի տուրքից ազատելու, այնպէս էլ կառավարութեանը էլեկտրամոբիլ հասկացութիւնն օրէնքում ներառելու եւ դրա համար նախատեսուած ճանապարհային նշաններ ունենալու հարցով դիմումներն արագ արձագանգի են արժանացել>>:
Հայաստանի մէջ ելեկտրամոպիլներու համար ներդրուող արտօնութիւնները որոշ չափով ապագային ուղղուած քայլ են, որովհետեւ ներկայիս անոնց քանակը տակաւին շատ համեստ է: Այս տարուան Յունուարի տուեալներով հայաստանի մէջ միայն 6 ելեկտրամոբիլներ կան, երեք՝ Tesla մակնիշի, մէկ՝ Nissan Leaf եւ երկու Eagle մակնիշի։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ