By Asbarez | Friday, 10 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հինգշաբթի, 9 Մարտին, այցելած է <<Սինոփսիս Արմէնիա>> ընկերութիւն:
Կառավարութեան ղեկավարը շրջայց կատարած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան (ՏԱ) ոլորտի առաջատար ձեռնարկութիւններէն մէկը հանդիսացող <<Սինոփսիս Արմէնիա>>ի ուսումնական եւ արտադրական բաժիններուն, ծանօթացած է ընկերութեան ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագիրներուն, ՏԱ ոլորտի զարգացման ուղղուած նոր նախաձեռնութիւններուն:
Ընկերութեան ղեկավարները վարչապետին մանրամասնօրէն ներկայացուցած են արտադրութիւն-համալսարան համագործակցութեամբ իրագործուող կրթական ծրագիրը, որ կ՛իրականացուի Հայաստանին ազգային ճարտարագիտական (պոլիտեխնիկական) համալսարանի հետ համատեղ եւ հնարաւորութիւն կու տայ աշխատաշուկան համալրելու անհրաժեշտ գիտելիքներ եւ հմ-տութիւններ ունեցող շրջանաւարտներով:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նոյն օրը այցելած է նաեւ ՏԱ ոլորտի մէկ այլ առաջատար՝ հայկական <<Վոլօ>> ընկերութիւն, ծանօթացած է անոր գործունէութեան ուղղութիւններուն, ձեռքբերումներուն եւ զարգացման ծրագիրներուն:
2006ին հիմնադրուած <<Վոլօ>> ընկերութիւնը մասնագիտացած է ձեռնարկատիրական (ֆինանսներ, հեռահաղորդակցութիւն, ուժանիւթ եւ այլն) մակարդակի նորարարական լուծումներու ոլորտին մէջ: Ընկերութեան համար կ՛աշխատին շուրջ 140 մասնագէտներ, որոնք արդիական գաղափարներ կը մշակեն կիբեռանվտանգութեան (cyber-security), բջիջային յաւելուածներու եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ