ՀՅԴն կ՛առաջարկէ հիմնադրամ ստեղծել գիւղատնտեսութեան համար աժան վարկեր տրամադրելու համար

By Asbarez | Friday, 10 March 2017

0310campaign

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ անհրաժեշտ է նոր աշխատատեղեր ստեղծել եւ ապահովել աւելի մատչելի գիւղական վարկեր, յայտարարեց տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան՝ Հինգշաբթի Մարտի 9ին Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան գիւղին մէջ Դաշնակցութեան նախընտրական արշաւին ընթացքին:

Նախարարը նշեց, որ բարձր տոկոսով վարկերը հայ գիւղացիին համար ամենալուրջ խնդիրներէն մէկն է: Այս խնդիրի լուծման համար ՀՅԴն կ՛առաջարկէ ստեղծել յատուկ ներդրումային հիմնադրամ մը, որ գիւղի բնակչութեան կ՛ապահովէ ցած տոկոսներով վարկեր:

 


0310campagin1


comments