By Asbarez | Friday, 10 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Ուրբաթ օր Երեւանի մէջ բացուեցաւ <<Հալալ>>ի գրասենեակը: Ըստ բացման ներկայ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի՝ <<Հալալ>> գրասենեակի բացումը պիտի խթանէ հայկական արտադրանքի սպառման ծաւալներու աճին, Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման եւ զբօսաշրջիկներու թիւի աճին ու տեղական արտադրանքի մուտքը նոր շուկաներ ապահովելուն:
Նախարարը նաեւ տեղեկացուց, որ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը գրասենեակին հետ համատեղ իրազեկման սեմինարներ պիտի կազմակերպէ տնտեսվարողներու համար:
<<Հալալ>> գրասենեակի տնօրէն Ապտուլ Հուսէյն Ֆախարի նշեց, որ միջազգային ընկերութիւնը 1000էն աւելի տնտեսվարողներու <<Հալալ>> վկայականներ տրամադրած է: Կազմակերպութեան կողմէ տրամադրուած վկայականները կը գործեն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ 57 երկիրներու մէջ: Միջազգային գրասենեակի գործունէութիւնը սկսած է 2004ին:
Ապտուլ Հուսէյն Ֆախարի յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կը համագործակցին երկու սպանդանոցներու հետ՝ տրամադրելով <<Հալալ>> մակիշը:
<<Հալալ>> եզրը կը նշանակէ մթերքի համապատախանութիւն մահմետական աւանդոյթներուն: <<Հալալ>> մակնշումով արտադրանքը կը համարուի մաքուր արտադրանք:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ