By Aztag Daily | Tuesday, 14 March 2017

Բոլոր համապետական ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը միշտ կ՛արձանագրէ իր ունեցած ընտրազանգուածի այնպիսի ծաւալ մը, որ երբեք չէ պակսած. <<Թերթ>>-ին հետ զրոյցին` խօսելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան եւ ունեցած <<կայուն>> ընտրազանգուածին մասին` ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատգամաւորութեան թեկնածու Արմէն Ռուստամեան:
<<Այդ ընտրազանգուածը կը գոյանայ ոչ պատահականօրէն: Քանի որ Դաշնակցութիւնը գաղափարական կուսակցութիւն է, մեր ընտրազանգուածը համոզումով քուէարկած է մեր օգտին: Ատիկա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ մենք ուզած եւ առած ենք քայլեր, որ այդ համոզուածութիւնը Դաշնակցութեան նկատմամբ չկորսուի>>, ըսաւ ան` նշելով, որ Դաշնակցութիւնը նպատակ ունի իր համակիրներուն շրջանակը ընդլայնել, միայն խորհրդարանին մէջ անցողիկ շեմը յաղթահարելով չսահմանափակուիլ:
Խօսելով իշխանութիւններուն հետ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու եւ անոր պատճառով անոնց նկատմամբ վստահութեան չափի փոփոխութեան մասին` ան նկատեց, որ երկրին մէջ կար կուտակուած առարկայական դժգոհութիւն: Ռուստամեան նշեց, որ իրենց քննարկումներու ընթացքին եկած են այն եզրակացութեան, որ եթէ այդ դժգոhութեան <<պատճառներուն պատճառը>> չվերցնեն, անիկա միշտ պիտի մնայ: <<Ատիկա կարելի էր կատարել երկու ձեւով` մէկը` յեղափոխական, չնայելով, թէ ինչպիսի, արդիւնքներ կ՛ըլլան այդ յեղափոխութեան ժամանակ, միւսն ալ` ներսէն կատարել փոփոխութիւնը>>, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք վերջին տարբերակը ընտրեցին: Հասկցան, որ պէտք է <<որոշակի գին>> վճարեն, որոշակի դժգոհութիւն իրենց նկատմամբ կը յառաջանար, թէկուզ եւ պայմանաւորուած այն փաստով, որ իրենք ալ արդէն իշխանութեան մէկ մասն են: <<Մենք հասկցանք, որ պէտք է այդ գինը վճարենք, յետոյ այդ խնդիրները լուծենք>>, ըսաւ ան:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ իր զարմանքը արտայայտեց ընտրակաշառքը օգտագործողներու եւ անկէ օգտուողներու մասին: <<Լկտիութեան հասած է ամէն ինչ, արդէն առանց ամչնալու ընտրողը ուղղակի կոչ կ՛ուղղէ, որ իրեն շատ դրամ տան, դրամ տուողն ալ չ՛ամչնար ըսելու, որ` այո՛, դրամ պիտի տայ, որ իրեն ընտրեն: Տեսէք ո՞ւր հասած ենք, որ ընտրողներուն համար ընտրութիւնը դարձած է դրամ շահելու միջոց: Իրենք չեն դիտեր ընտրութիւնը, իբրեւ իրենց ճակատագիրը որոշելու հարց, որ իրենց ընտրական իրաւունքը, քուէն իսկապէս ուժ ունի եւ ատիկա կրնայ օգտագործել աւելի որակեալ իշխանութիւն ունենալու համար>>, ըսաւ ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ