Հաց Բերող Արթուր Սարգսեանը մահացած է

By Asbarez | Thursday, 16 March 2017

0317arthur

ԵՐԵՒԱՆ - Որպէս <<Հաց բերող>> յայտնի Արթուր Սարգսեան Հինգշաբթի, 16 Մարտին, <<Արմենիա>> բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է: Այդ մասին <<Ազատութեան>> յայտնած է Սարգսեանի փաստաբան Դաւիթ Գիւրջեանը:

Անցեալ ամառ Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւած <<Սանսայ ծռեր>> զինուած խումբի գործով կալանաւորուած Արթուր Սարգսեան կը մեղադրուէր զինուած խումբին օժանդակելուն մէջ․ գունդի տարածքը գրաւելու օրերուն ան մեքենայով ճեղքած էր ոստիկանական պատն ու սնունդ տարած գունդի տարածք:

Դեկտեմբերի վերջին, հաշուի առնելով առողջական վիճակը, Սարգսեանին ազատ արձակած էին: Փետրուար 9-ին, սակայն, դարձեալ կալանաւորած էին զայն: Կրկին անազատութեան մէջ յայտնուելու յաջորդ օրուընէ <<Հայց բերող>>ը անժամկէտ հացադուլ յայտարարած էր: 25 օր հացադուլի մէջ մնալէ ետք՝ Մարտ 6-ին Ազգային ժողովի 27 պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ <<Հաց բերողը>> կրկին ազատ արձակուած էր եւ տեղափոխուած <<Արմենիա>> բժշկական կեդրոն:

 



comments