By Asbarez | Wednesday, 22 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի, վարչապետին ներկայացուցած է Բարձրագոյն կրթութեան միջհամալսարանական կեդրոնի ստեղծման ծրագիր մը:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է բարձրագոյն կրթութեան համակարգէն ներս բարեփոխումներու իրականացումը եւ ողջունած է Սիմոնեանի նախաձեռնութիւնը այդ ոլորտի մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու ծրագիրի իրականացման, աւելցնելով, որ ծրագիրը պիտի նպաստէ ոչ միայն կրթութեան որակի բարձրացման, այլ նաեւ միջավայրի փոփոխութեան, երիտասարդ սերունդի զարգացման:
Սեմ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին օժանդակութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար եւ նշած, որ ծրագիրի իրականացման պիտի նպաստէ նաեւ Եւրոպական Միութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները անդրադարձած են ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի գործունէութեան, նոր նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ