By Asbarez | Wednesday, 22 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ - <<Հաց բերող>> Արթուր Սարգսեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Շահումեանի գերեզմանատան մօտ գտնուող սգոյ սրահին մէջ:
Արարողութեան ընթացքին ու աւարտէն ետք, բազմաթիւ քաղաքացիներ եւ քաղաքական գործիչներ սգոյ սրահ այցելեցին՝ իրենց յարգանքի տուրքը տալու Արթուր Սարգսեանին:
<<Հաց բերող>>ի ընկերներէն Սամուէլ Թադեւոսեան նշեց, որ Արթուրի մահուան համար մեղաւորները պէտք է պատժուին: Թադեւոսեանի կարծիքով՝ իրաւապահները պիտի փորձեն պատասխանատուութեան ենթարկել միայն բժիշկները, մինչդեռ, իսկական մեղաւորները իշխանութիւններն են, որոնց անգործութեան հետեւանքով մահացաւ <<Հաց բերող>>ը:
49ամեայ Արթուր Սարգսեանի դիահերձումը աւարտած էր անցեալ Շաբաթ օր: Սարգսեանի փաստաբանները միջնորդած էին, որ դիահերձման մասնակցին նաեւ միջազգային փորձագէտներ: Վերջիններս, սակայն, չէին ժամանած Երեւան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ