Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան յայտարարութիւնը` Սամուէլ Բաբայեանը ձերբակալուած է

By Aztag Daily | Friday, 24 March 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս տարուան մարտին նախնական տեղեկութիւններ ստացած է այն մասին, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ Վրաստանի Հանրապետութենէն մաքսանենգութեամբ Հայաստանի տեղափոխուած է <<Իգլա>> տեսակի զենիթա-հրթիռային համակարգ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ձեռնարկուած քննչական գործողութիւններուն եւ հետախուզական  քայլերուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած եւ գրաւուած է <<Իգլա>> տեսակի զենիթա-հրթիռային համակարգի արձակման խողովակ`  <<9M39>> հրթիռով:

Դէպքին առիթով 22 մարտ 2017-ին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. <<Ի պատասխան տարբեր լրատուամիջոցներու բազմաթիւ հարցումներուն` Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ կեդրոնը կը յայտնէ, որ մաքսանենգութեամբ Հայաստան <<Իգլա>> տեսակի զենիթա-հրթիռային համակարգ  տեղափոխելու փաստին առիթով յարուցուած քրէական գործի շրջագիծին մէջ այս պահուն ձերբակալուած են 3 անձ, անոնց կարգին` Հայաստանի քաղաքացի Սամուէլ Բաբայեանը:

Կատարուած քննչական գործողութիւններու արդիւնքով բացայայտուած է, որ նշուած զենիթա-հրթիռային համակարգի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերումը եւ փոխադրութիւնը  իրականացուցած անձերը գործած են Սամուէլ Բաբայեանին հետ ունեցած նախնական համաձայնութեամբ եւ անոր պատուէրով:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի>>:

 


comments