By Asbarez | Saturday, 25 March 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի Անտառային փողոցին մէջ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը եւ անոր զբաղեցուցած, օգտագործման եւ սպասարկման համար անհրաժեշտ հողամասը նուիրուեցաւ <<Ազնաւուր>> հիմնադրամին՝ բացառապէս իբրեւ Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարան օգտագործելու պայմանով:
Այս մասին որոշման նախագիծը հաստատուած է Հայաստանի կառավարութեան Մարտ 23ի նիստին:
Հայաստանի պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի տեղակալ Աշոտ Մարկոսեան նշեց, որ <<Ազնաւուր>> հիմնադրամը հիմնուած է Երեւանի մէջ մշակութային եւ կրթական վայր հիմնելու եւ Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանի գործունէութեան աջակցելու նպատակով:
<<Հայաստանի կառավարութեան եւ <<Ազնաւուր>> հիմնադրամին միջեւ կնքուած է փոխըմբռնման յուշագիր, համաձայն որուն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը պարտաւորուած է փոխանցել Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը հիմնադրամին՝ հիմք ընդունելով նուիրատուութեան պայմանագիրը>>, ըսաւ Մարկոսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ