Թշնամիի գնդակով զոհուեցաւ 20ամեայ զինուոր Արտակ Ռաֆայէլեան

By Asbarez | Wednesday, 29 March 2017

0329ardagrafayelian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Նիուզ>> - Երեքշաբթի, 28 Մարտին, պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) արեւելեան ճակատը պաշտպանող զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ թշնամիին արձակած կրակոցէն զոհուեցաւ 1997ին ծնած զինուոր Արտակ Էդիկի Ռաֆայէլեանը:

Արտակը, որ Յուլիսին պիտի աւարտէր իր զինուորական ծառայութիւնը, Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքի բնակիչ էր:  Ընտանիքի աւագ որդին հանդիսացող Արտակի կրտսեր եղբայրը այս տարի պիտի զօրակոչուի բանակ:

Զոհուած զինուորի ընտանիքը տնտեսական ծանր վիճակի մէջ կ՛ապրի:

Արտակ իր պատանեկան հասակին զբաղուած է սիրողական բռնցքամարտով: Անոր անունը <<Կինես>> գիրքին մէջ արձանագրուած է՝ պառկած դիրքէն 11,000 անգամ յենուիլ-ծալուիլ վարժութիւնը կատարելու կարողութեան համար:

Նահատակ զինուորը նաեւ լաւ գնդացրորդ էր. Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ատեն, ան դիպուկ ու նպատակային գործածած է իր գնդացիրը:

 



comments