Արմէն Ռուստամեան - Մեր կուսակցութիւնը երբեք իր գոյնն ու տեսակը չէ փոխած

By Aztag Daily | Thursday, 30 March 2017



127 տարուան ընթացքին Դաշնակցութիւնը նոյն դէմքը, դիմագիծը, սկզբունքներն ու նպատակները ունեցած է` պահպանելով իր տեսակը: Այս մասին երէկ Սեւանի մէջ նախընտրական հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ համապետական ցանկը գլխաւորող, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Ռուստամեանի համաձայն, ՀՅԴ-ն իրական կուսակցութիւն է, հաւաքական ուժ, որ որեւէ գործ չի ստանձներ, եթէ անոր համոզուած չըլլայ:

<<Նոյն ձեւով կը գործէ մեր ընտրազանգուածը: Մեզի համար ոչ թէ  ընտրազանգուած է, այլ աւելի` համակիրներ, որոնք միշտ մեզի հետ եղած են, ամէն օր, ամէն ժամ հետեւած են Դաշնակցութեան ըսածին, պահուածքին, քայլերուն>>:

Ըստ Ռուստամեանի, շատ կուսակցութիւններ, որոնք կը քննադատեն Դաշնակցութիւնը կամ չեն ըմբռնած ՀՅԴ-ին կատարածը, ոչ թէ 127 կամ 27 տարուան, այլ նոյնիսկ 127 ամսուան պատմութիւն չունին եւ տակաւին յայտնի ալ չէ` եթէ վաղը իրավիճակի փոփոխութիւն տեղի ունենայ, անոնք կը մնա՞ն քաղաքական դաշտին մէջ, թէ՞ ոչ:

Արմէն Ռուստամեան յիշեցուց, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի շարք մը խմբակցութիւններու հետ. <<Կարգով նայինք. մէկը 5 տարի առաջ անունով մըն էր, հիմա ուրիշ անունով հանդէս կու գայ:  Կուսակցութիւն մը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի, պառակտուեցաւ. հինգ հոգի էին, հինգն ալ հիմա տարբեր տեղերու մէջ են: Մէկ այլ կուսակցութիւն երեք տեղ բաժնուած է, մէկը <<Ելք>>-ի, մէկը` ՀԱՔ-ի, միւսը` Ազատ դեմոկրատներու: Միւսն ալ երեք-չորս տեղ բաժնուած է: Դաշնակցութիւնը, ինչպէս եղած է Դաշնակցութիւն, այդպէս ալ մնացած է ոչ թէ այս հինգ, այլ 127 տարուան ընթացքին, իսկ ասիկա ինքնին արժէք է:

Մենք այսօր չենք եկած խոստումներ տալու: Մենք եկած ենք մեր կատարած գործով: Մենք եկած ենք` արդէն ճամբայ անցած, որ մեր տարիներու պայքարը եղած է>>:

Ռուստամեանի համաձայն, անոնք, որոնք կը խօսին անարդարութեան դրսեւորումներուն մասին, չեն ուզեր անդրադառնալ կամ անոնց պարզապէս ձեռնտու չէ խոստովանիլ, որ անոր հիմքը քաղաքական համակարգն է, այն համակարգը, որ ծնած է այդ անարդարութիւնները:

 

comments