By Asbarez | Saturday, 01 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ - 40 տարուան պատմութիւն ունեցող լիբանանեան <<ՄԵՓԹԻՔՕ>> (MEPTICO) ընկերութիւնը, որ այժմ իր արտադրանքը կ՛արտածէ ափրիկեան, եւրոպական եւ արաբական աւելի քան 35 երկիրներ, մտադիր է ձեռնարկութիւն հիմնել Հայաստանի մէջ եւ արտադրանքը արտածել ԵԱՏՄի շուկաներ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումային նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Քանի մը օր առաջ, նախարար Սուրէն Կարայեան ընդունած է լիբանանեան <<ՄԵՓԹԻՔՕ>> եւ Երեւանի մէջ գործող Ice House ընկերութեանց ներկայացուցիչները: <<ՄԵՓԹԻՔՕ>> ընկերութեան ներկայացուցիչները նախարարին ծանօթացուցած են ընկերութեան գործունէութիւնը՝ ներկայացնելով արտադրութեան տեսականին՝ հիւթեր, աղանդերի փոշիներ, խմորեղէնի խառնուրդներ եւ մածուկներ:
Համեմատական ծառայութիւններ մատուցող Ice House ընկերութեան ներկայացուցիչը, իր հերթին, համառօտ կերպով տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ, ներառեալ Ռուսիոյ, ընկերութեան գործունէութեան մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու լիբանանեան ընկերութեան հետ՝ կազմակերպելով վերջինիս արտադրանքին տարածումը ռուսական շուկային մէջ յայտնի առեւտրական ցանցերուն միջոցով:
Սուրէն Կարայեան ողջունած է գործարարներուն մտադրութիւնը եւ վստահեցուցած, որ նախարարութիւնը պատրաստ է ուղղորդելու եւ աջակցելու իրենց՝ ներկայացուած գաղափարը իրականացնելու համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ