By Asbarez | Tuesday, 04 April 2017

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին առջեւ կուսակալութեան կողմէ դրուած արգելքը Շաբաթ օրուընէ ի վեր քաոսային նոր վիճակ ստեղծած է համայնքէն ներս։
Արդարեւ, կուսակալութիւնը անվաւեր կը նկատէ տեղապահի ընտրութիւնը, քանի որ այդ ընտրութեան, նաեւ անկէ առաջուան կարգ մը քայլերուն մասին պատշաճ տեղեկութիւն չէր տրուած պետութեան։ Կուսակալութիւնը կը պնդէ, որ ասիկա եկեղեցւոյ գործերուն միջամտել չէ, այլ՝ <<պետական ակնկալութիւններու յիշեցում>>։ Արդիւնքն այն էր, սակայն, որ վնասուած է եկեղեցւոյ, Եկեղեցական ժողովին, Կրօնական ժողովին եւ այլոց արժանապատուութիւնը։
Գարեգին արք. Պէքճեան, որ արդէն իսկ շատ դժուար պաշտօն մը ստանձնած էր տեղապահ ընտրուելով, այժմ առաւել դժուար կացութեան մը առջեւ կը գտնուի։ Ան քանի մը օրուան համար Գերմանիա գացած էր, իսկ այժմ Պոլիս վերադարձած է, շփման մէջ մտնելու համար հոգեւորականներուն ու աշխարհականներուն հետ։
Միւս կողմէ, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նամակով մը յիշեցուցած է նախագահին այն խոստումը, ըստ որուն՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցը պիտի լուծուի հանրաքուէէն ետք։ Շիրինօղլու կը յայտնէ, թէ սխալ գործուած է, երբ աճապարանքով կատարուած է տեղապահական ընտրութիւնը, եւ այժմ պէտք է համբերութեամբ սպասել հանրաքուէի աւարտին։ Նամակին ամէնէն կարեւոր մասը այն է, որ Շիրինօղլու, ցաւ յայտնելով հանդերձ, Պէքճեան սրբազանին կը թելադրէ, որ հրաժարի տեղապահի պաշտօնէն։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ