By Aztag Daily | Thursday, 06 April 2017
2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարձաւ խորհրդարան անցած չորս քաղաքական ուժերէն մէկը: 6-րդ գումարման Ազգային Ժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը կ՛ունենայ 7 պատգամաւորական տեղ:
Հաշուի առնելով նոր ընտրական օրէնսգիրքով նախատեսուած կարգը` առաջին 4 իրաւագիրները (խորհրդարանական աթոռ) ՀՅԴ-ի համապետական ցուցակի առաջին տեղերը զբաղեցնող թեկնածուներուն բաժին կ՛իյնան, իսկ միւս 3-ը կը ստանան առաւելագոյն քուէներ հաւաքած ընտրատարածքներու թեկնածուները:
Դաշնակցութիւնը ամէնէն շատ քուէներ ստացած է Շիրակի մարզը ընդգրկող 11-րդ ընտրատարածքին մէջ` 11.945 ձայն, Արմավիրի մարզը ընդգրկող 6-րդ ընտրատարածքին մէջ` 11.110 ձայն, եւ Տաւուշի մարզը ընդգրկող 13-րդ ընտրատարածքին մէջ` 9.095 ձայն:
Այս ընտրատարածքներուն մէջ վարկանշային կարգով Դաշնակցութեան թեկնածուներէն ամէնէն շատ ձայներ հաւաքած են Ռոմիկ Մանուկեան (11-րդ ընտրատարածք, Շիրակի մարզ)` 3.100 ձայն, Անդրանիկ Կարապետեան (6-րդ ընտրատարածք, Արմավիրի մարզ)` 2.972 ձայն, եւ Սուրէն Մանուկեան (13-րդ ընտրատարածք), որ ստացած է 5.274 ձայն` դառնալով Դաշնակցութեան ամէնէն շատ քուէ ստացած վարկանշային թեկնածուն` բոլոր ընտրատարածքներու հաշուարկով:
Այս ընտրութիւններուն, Դաշնակցութիւնը կրցած է մօտ 20 հազար քուէներու աճ արձանագրել նախորդին հետ բաղդատած: Եթէ 2012-ին ՀՅԴ-ի օգտին քուէարկած էր 85.550 քաղաքացի կամ քուէարկողներուն 5,67 առ հարիւրը, ապա այս ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան ձայն տուած է 103.173 քաղաքացի կամ քուէարկածներու 6,58 առ հարիւրը:
Իսկ թէ որո՛նք մաս պիտի կազմեն Ազգային ժողովի կուսակցական խմբակցութեան, վերջնական որոշումը պիտի տայ ՀՅԴ-ի Հայաստանի Գերագոյն մարմինը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ