Արցախի Հանրապետութեան նախագահը այցելեց սահմանագիծի շարք մը հատուածներ

By Asbarez | Thursday, 06 April 2017

0406pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 4ին այցելեց Արցախա-ատրպէյճանական սահմանի շարք մը հատուածներ եւ ծանօթացաւ զինուորներու առօրեային ու տիրող իրավիճակին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը, Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ, նախագահը մասնակցեցաւ նորակառոյց առանձնատուներու բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութեան:

Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնեց <<Թուֆենկեան>> հիմնադրամին եւ <<Արցախ>> Ֆոնտ կազմակերպութեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին՝ ծրագիրի իրականացման համար՝ նշելով անոր կարեւորութիւնը հասարակական-տնտեսական եւ քաղաքական տեսանկիւններէն:

Ձեռնարկին ներկայ եղան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձեր, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

 



comments