By Asbarez | Friday, 07 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռադիօ>> - Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը հաղորդէ, որ վարչապետը Հինգշաբթի, 6 Ապրիլին, կառավարութեան հերթական նիստը բանալով, յայտարարած է, որ նախարարները պէտք է աշխատին արտակարգ իրավիճակի թափով:
<<Այս ընտրութիւններում մեր թիմը ստացել է երկրում փոփոխութիւններ անելու քուէ: Այդ իսկ պատճառով իմ յորդորը բոլոր մեր թիմակիցներին՝ աշխատանքային ռեժիմը յայտարարում ենք արտակարգ իրավիճակ: Այնպէս որ, ուրախացնում եմ ձեզ, որ մեր ռեժիմն աւելի է ծանրանում>>, ըսած է վարչապետը:
Թէ ինչ կը նշանակէ աշխատիլ արտակարգ ռեժիմով, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն մանրամասնած է ֆինանսներու նախարար Վարդան Արամեան. <<Արտակարգ ռեժիմը բառիս բուն իմաստով նշանակում է, որ մենք պէտք է շարունակենք աշխատել ոչ թէ մեզ տրուած 8 ժամը օրական, այլ աշխատելու ենք 10-12 ժամ՝ ներառեալ նաեւ Շաբաթ օրերը>>:
Տասնութ տարի իշխանութեան ղեկին գտնուելէ ետք Հանրապետական կուսակցութեան խոստացած հերթական փոփոխութիւններու մասին տրուած հարցումին պատասխանելով՝ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար, ՀՀԿին վերջերս միացած Վահան Մարտիրոսեան, ըսած է. <<Ուղղակի մենք պէտք է աշխատենք, որ փոփոխութիւններ անենք… Պէտք է աշխատենք, որ մարդիկ (այդ փոփոխութիւնները) զգան իրենց վրայ>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ