By Asbarez | Friday, 07 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած շուրջ 450 ուսանող ուսման վարձի զեղչ ստացած է:
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Աւագեան յայտնած է, որ ուսման վարձի փոխհատուցման ծրագիրը կ՛իրականացուի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ՝ կառավարութեան ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
<<Մենք այս ծրագիրն իրականացնում ենք ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականով: 2016թ. Ապրիլեան պատերազմի ժամանակահատուածում մարտական հերթապահութեան մէջ ընդգրկուած մօտ 450 զինծառայողներ, որոնք բուհերի կողմից ստանում են ուսման վարձի 30 տոկոս զեղչ, Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի եւ ՊՆ համատեղ ծրագրի շրջանակներում կը ստանան լրացուցիչ 20 տոկոս զեղ>>չ, նշած է Աւագեան:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդծած է այս ծրագիրի կարեւորութիւնը:
<<Խօսքը միայն ուսման վարձի փոխհատուցման մասին չէ: Խօսքը մեր երկրի համար կարեւորագոյն սկզբունքների պահպանմանն է վերաբերում: Մարդիկ, որոնք զէնքը ձեռքին կատարել են իրենց պարտքը հայրենիքի հանդէպ եւ այժմ վերադարձել են ուսանողական նստարանին, պէտք է շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Պաշտպանութեան նախարարը մի մեծ գաղափար է շրջանառութեան մէջ դրել՝ մէկ ազգ, մէկ բանակ: Դա խորը գաղափար է, եւ մենք իրաւունք չունենք այն թողնել միայն ձեւի մէջ, այն պէտք է հարստացուի նաեւ բովանդակութեամբ: Բոլորը պէտք է իմանան, որ մեր խաղաղութեան տեսակը միայն յաղթական է լինելու>>, ըսած է կրթութեան նախարարը:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան իր շնորհակալութիւնը յայտնած է մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած բոլոր ուսանողներուն, որոնք հաւաստագիրներ ստացան:
<<Այս հաւաստագրերը վկայութիւնն են, որ ապրիլեան բաւականին ծանր մարտահրաւէրի օրերին դուք ծառայութեան բերումով յայտնուեցիք շատ թէժ կէտերում, որտեղ մեր երկրի արժանապատուութեան, մեր ժողովրդի ապագայի, մեր անվտանգութեան կարեւորագոյն խնդիրներն էին լուծւում>>, ըսած է պաշտպանութեան նախարարը, նշելով, որ <<Ապրիլը մեզ համար շատ կարեւոր եւ մեծ դաս էր. եւս մէկ անգամ վերլուծուեցին մեր ուժեղ եւ թոյլ կողմերը, մեր առաջիկայ անելիքները, ծրագրուեց աշխատանք, որը չափազանց կարեւոր է մեր երկրի անվտանգութեան ապահովման համար: Միւս կողմից, Ապրիլը դարձաւ մեր միասնութեան խորհրդանիշը>>, ուսանող զինուորներուն ըսած է նախարար Վիգէն Սարգսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ