Ելք դաշինքը Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը կը ներկայացնէ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին

By Asbarez | Saturday, 08 April 2017

0408nigolpashinian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Ելք>> դաշինքը Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին համար ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը: Փաշինեան պիտի գլխաւորէ Երեւանի աւագանիի ընտրութեանց <<Ելք>> դաշինքի ցուցակը:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մայիս 14ին:

Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին համար ցարդ յայտարարուած է երկու թեկնածուի՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Տարօն Մարգարեանի եւ <<Ելք>> դաշինքին կողմէ Նիկոլ Փաշինեանի անունները:

<<Ժառանգութիւն>> կուսակցութենէն դուրս եկած Զարուհի Փոստանջեան եւս կը մտադրէ ներկայացնել իր թեկնածութիւնը՝ իր հիմնած <<Երկիր Ծիրանի>> կուսակցութեան կողմէ:

Հայաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը որոշած է չմասնակցիլ ընտրութիւններուն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը տակաւին չէ յայտարարած իր որոշումը: Նոյն կացութեան մէջ է նաեւ Գագիկ Ծառուկեանի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը:

 



comments