By Asbarez | Tuesday, 11 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ - <<Թուֆէնքեան>> բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած է Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր համայնքի առանձնատուն մը եւս:
Ըստ <<Արցախփրէս>>ին՝ <<Թուֆէնքեան>> բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր ծրագիրի մը եւս, որմով նախատեսուած է վերանորոգել հաշմանդամներու տուները:
<<Այս ծրագիրով սկսած ենք զբաղելու Մայիսէն: Ծրագիրով ընդգրկած ենք այն հաշմանդամներուն ընտանիքները, որոնք իսկապէս օգնութեան կարիք ունին: Այդպիսի մարդոցմէ մէկն ալ երկրորդ կարգի հաշմանդամ, 3 երեխաներու հայր Վարուժան Սահակեանն է>>, նշած է Ա. Գասպարեան:
Վարուժանի կինը՝ Անահիտ Սահակեան, իր հերթին նշած է, որ իր ամուսինը զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծանր վիրաւորուած է:
<<Արդէն 10 տարի է, որ մենք սկսած ենք մեր տան շինարարութիւնը: Սեփական ուժերով հասցուցած ենք կառուցել 5 սենեականոց տան պատերը եւ տանիքը: Հիմնադրամն ալ զայն ամբողջութեամբ վերանորոգեց. այժմ մենք կ՛ապրինք յարմարաւէտ պայմաններու մէջ>>, ըսած է Ա. Սահակեան:
Վ. Սահակեան նոյնպէս իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ հիմնադրամին՝ իրենց ընտանիքին աջակցելուն համար:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն յղած իր շնորհակալական խօսքին մէջ, Հադրութի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան ըսած է, որ հիմնադրամը, իրօք, կը կատարէ ազգանուէր գործ՝ զարգացնելով ու շէնցնելով երկիր հայրենին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ