By Asbarez | Tuesday, 11 April 2017

ԵՐԵՒԱՆ - Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն 8 Ապրիլին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ վերլուծելով Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն Երեւանի մէջ Դաշնակցութեան ձեռք բերած անսպասելիօրէն ցած արդիւնքները, խորհրդակցելով Երեւանի վարչական շրջաններու կոմիտէներուն հետ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն նպատակայարմար չի գտներ մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցիլը:
<<Այս փուլին մեր առաջնահերթ հարցը կը նկատենք 2 Ապրիլի ընտրութիւններուն մեր կառոյցին արձանագրած արդիւնքին պատճառներուն ուսումնասիրութիւնը եւ անհրաժեշտ եզրակացութիւններու յանգիլը: Յոյսով ենք, որ գիտակցուած քուէով Երեւանի աւագանի ձեւաւորելու պատրաստ մեր համաքաղաքացիները ըմբռնումով կ՛ընդունին այս որոշումը: Միաժամանակ կը պարտաւորուինք ուշադրութեամբ հետեւիլ Երեւանի բոլոր հիմնախնդիրներուն եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մասնակից դառնալ անոնց լուծման>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ