Սփիւռքի Եւ Կրթութեան Նախարարները Սփիւռքի Մէջ Կրթական Աշխատանքները Համադրելու Հրաման Ստորագրեցին

By Asbarez | Tuesday, 11 April 2017

0411levonhranopush

ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 10 Ապրիլին, սփիւռքի նախարարութեան մէջ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ստորագրեցին համատեղ հրաման՝ Սփիւռքի կրթական խնդիրներու լուծման աջակցելու վերաբերեալ: Ծրագիրով նախատեսուած միջոցառումներու կատարումը համակարգելու նպատակով՝ կեանքի կոչուած է համակարգող յանձնաժողով մը:

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդգծեց կարեւորութիւնը նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի այս նախաձեռնութեան՝ նշելով. «Այս հրամանը ենթադրում է յստակ գործողութիւնների ծրագիր, եւ այսպիսի ձեւաչափով աւելի լաւ կը համակարգուեն աշխատանքները»:

Սփիւռքի նախարարը յայտնծց, որ 2017 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովը, ուր պիտի քննարկուին նաեւ Սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանութեան վերաբերող խնդիրներ:

«Այստեղ եւս սփիւռքի եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները կարող են աջակցել միմեանց՝ լաւագոյն մասնագէտներին հրաւիրելու, թեմաները ճշգրիտ ընտրելու եւ բազմաթիւ այլ հարցերում», նշեց սփիւռքի նախարարը:

comments