Քաշաթաղի Շրջանի Իշխանաձոր Գիւղի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն Բնակարաններ Յատկացուեցան

By Asbarez | Wednesday, 12 April 2017

0412kashataghՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղի Ազատամարտիկներու թաղամասին մէջ կը կառուցուին նոր առանձնատուներ՝ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ:

Անցեալ տարի, այս թաղամասին մէջ, հակառակ ապրիլեան պատերազմի իրադարձութիւններուն, շահագործման յանձնուեցան 10 առանձնատուներ եւ 8 բնակարանով մէկ շէնք: Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ին՝ կը յայտնէ Զոհրապ Ըռքոյեան:

«Բնակարանները յատկացուեցան բազմազաւակ ընտանիքներու, նորապսակներու, զինուորականներու: Բնակարանամուտին ներկայ էր նաեւ ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան: Արդէն մէկ ամիս է, որ թաղամասին մէջ կը կառուցուին 11 նոր առանձնատուներ: Վերջերս շրջանային վարչակազմի ղեկավարի խորհրդական Սէյրան Պօղոսեանի հետ այցելեցի Իշխանաձոր, ծանօթացայ կատարուած աշխատանքներուն, զրուցեցի շինարարութեան պատասխանատուներու, շինարարներու հետ», ըսաւ Ըռքոյեան: Ըստ անոր՝ տարուան սկիզբէն շրջանային վարչակազմի ենթակայութեամբ գործող «Քաշաթաղի ջրամատակարարում» ՓԲԸի կողմէ կը բարեկարգուին նաեւ շրջանի ճանապարհները: Այժմ բարեկարգման ընթացքի մէջ է Բերձոր-Իշխանաձոր հատուածը: Մինչ Իշխանաձոր հասնիլը՝ Ծաղկաբերդ-Հակարի գիւղերուն մօտ հանդիպեցանք ճանապարհի շինարարներուն հետ: «Աշխատանքներու պատասխանատու Արամայիս Խաչատրեան տեղեկացուց, որ 1 ամսուան ընթացքին բարեկարգուած է շուրջ 30 քմ. ճանապարհ: Բացի միջհամայնքային ճանապարհներէն, աշխատանքներ իրականացած են նաեւ Վուրգաւան, Ուռեկան, Հակարի եւ այլ բնակավայրերու ներհամայնքային ճանապարհներուն վրայ: Վերանորոգուած է նաեւ Հակարի գետի՝ դէպի Ծաղկաբերդ տանող կամուրջը», յայտնեց Զոհրապ Ըռքոյեան:

Ան նաեւ ըսաւ, թէ Ա. Խաչատրեան ընդգծած է, որ մօտ մէկ շաբաթէն պիտի աւարտի տուեալ հատուածի ճանապարհներուն բարեկարգումը, եւ աշխատանքը պիտի շարունակուի նոր հատուածներու մէջ:

comments

Advertisement