By Asbarez | Wednesday, 12 April 2017
Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը Հայաստանի զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին հետ Մայիս 7ին, Ծաղկաձորի մէջ պիտի կազմակերպէ «Քոնեաքի փառատօն»ը: Այս մասին, ըստ «Փանորամա»ի՝ տեղեկացուցած է «Քոնեաքի փառատօն» ծրագիրի ներկայացուցիչ Արա Խզմալեան:
Փառատօնին նպատակն է հայկական քոնեաքի միջազգային ճանաչման բարձրացումը, ինչպէս նաեւ աւանդական եւ նոր շուկաներու մէջ անոր ծանուցումը:
Կը նախատեսուի, որ փառատօնին մասնակցի քոնեաքագործութեամբ զբաղոող 30 ընկերութիւն:
Ըստ Խզմալեանի՝ նման նախաձեռնութիւններ զբօսաշրջութեան խթանման նախապայման են:
Անոր խօսքով՝ վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջութեան արդիւնքը ներկայացնող շնորհահանդէս, որուն նպատակն էր բարձրացնել Հայաստանի ճանաչելիութիւնը եւ խթանել զբօսաշրջութեան արդիւնքը: Միջոցառման ընթացքին ներկայացուած է հայկական խոհանոցային մշակոյթը եւ կազմակերպուած է ուտեստեղենի ու ոգելից խմիչքներու համտեսում:
Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի նախագահ Տիգրան Կարապետեան ըսած է, որ քոնեաքագործութիւնը այն ոլորտներէն է, որ իսկապէս կրնայ հետաքրքրել զբօսաշրջիկները, որոնք կու գան Հայաստան, կը ծանօթանան ե՛ւ երկրին, ե՛ւ հայկական քոնեաքի աւանդոյթներուն:
«Մենք կը սպասենք մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու՝ յատկապէս Ռուսիայէն, քանի որ ՌԴ քաղաքացիները իրենց ներքին անձնագիրներով կրնան գալ Հայաստան: Փառատօնի հիմնական շուկան Ռուսիան է, ընդհանուր առմամբ, կ՛ակնկալուի, որ փառատօնին մասնակցի 25 հազարէն աւելի մարդ», ըսած է Կարապետեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ