Հայաստանի Կառավարութիւնը Բարելաւած Է Հարկային Վարչարարութիւնը

By Asbarez | Thursday, 13 April 2017

0413karenimfԵՐԵՒԱՆ.- Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Հոսէյն Սամիի կարծիքով՝ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բարեփոխումներու միտում ունի եւ յանձնառու է իրականացնել կառուցուածքային բարեփոխումներ:

Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հոսէին Սամի ընդգծած է այն հանգամանքը, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յաջողած է բարելաւել հարկային վարչարարութիւնը:

«Դա յոյս է ներշնչում, որ ժամանակի ընթացքում հարկային համակարգն աւելի արդար կը դառնայ, ինչը կը նպաստի, որ կանոնները բոլորի համար հաւասար լինեն», նշած է Սամի, որ նաեւ կարեւոր նկատած է կառավարութեան ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի ստեղծումը, որուն նպատակը օտարերկրեայ ներդրումներու խրախուսումն է:

Առեւտուրի միջազգային հիմնադրամի հայաստանեան առաքելութեան ղեկավարին համար ակնյայտ է, որ կառավարութիւնը առած է գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղուած քայլեր, որոնք կը խթանեն օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները:

Նոյն օրը Հոսէյն Սամիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է վարչապետ Կարէն Կարապէտեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2014-2017 ԱՄՀի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ծրագիրի ամփոփիչ ստուգման արդիւնքները:

Հոսէյն Սամի նշած է, որ Կարէն Կարապէտեանի գլխաւորած կառավարութեան գործունէութեան վերաբերեալ ստացած են դրական ազդակներ, յատկապէս հարկային ու մաքսային ոլորտէն ներս կատարուած փոփոխութիւններու շնորհիւ, ստուէրը կրճատելու, վարչարարութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է ԱՄՀի հետ փոխգործակցութիւնը եւ անդրադարձած է կառավարութեան յետագայ ծրագիրներուն:

«Բացի այն, որ ունենք սեփական եկամուտների քանակական աճ, այդ ուղղութեամբ արձանագրել ենք նաեւ որակական փոփոխութիւն՝ ստուէրն է բերւում հարկային դաշտ, հրաժարուել ենք կանխավճարներից, աւելին, այն կառոյցները, որոնք ունէին երկարատեւ կանխավճար, այսօր աստիճանաբար մաշեցնում ենք այն: ԱԱՀի վերադաձի հետ կապուած եւս ընդունուել են մի շարք որոշումներ, կրճատուել է վերադարձի ժամանակահատուածը եւ այլն: Հարկային դաշտն ընդլայնելը, ՊԵԿ համակարգում արդար սկզբունքների ներդրումը մեր նպատակն է: Վճռական ենք ու վստահ, որ հասնելու ենք մեր նպատակին», ընդգծած է գործադիր իշխանութեան ղեկավարը:

«Մենք շատ լաւ գնահատում ենք այսօրուայ վիճակը եւ տրամադրուած ենք բարեփոխումներ իրականացնել բոլոր ոլորտներում, քանի որ ունենք արդիւնաւէտութեան դեֆիցիտ (հաշիւի բաց-Խմբ.): Մօտ ժամանակներս մշակելու ենք Հայաստանի զարգացման հնգամեայ ծրագիրը, որտեղ եւս ցանկանում ենք նախանշել համարձակ յայտնիշեր», ըսած է վարչապետը:

comments

Advertisement