Հայաստան Հիմնադրամը Ստեփանակերտի Մէջ Ձեռքի Գնդակի Մարզահրապարակ Կը Կառուցէ

By Asbarez | Friday, 14 April 2017

0414handballՍՏՈՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայաստան համահայկական հիմնադրամը, իր Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ՝ Ստեփանակերտի մէջ սկսած է handball-ի (ձեռքի գնդակ) մարզահրապարակի կառուցումը:

Ծրագիրը կ՛իրականացուի ֆրանսացի գործարարներու նիւթական աջակցութեամբ: Մայրաքաղաքին կեդրոնը կառուցուող մարզահրապարակը պիտի ունենայ արհեստական խոտածածկով 800 քառմ. դաշտ, 102 նստատեղ հանդիսատեսի համար, հանդերձարաններ: Մարզահրապարակին լուսաւորումն ու կահաւորումը պիտի իրականացուին արդի պահանջներուն համապատասխան: Մարզահրապարակը, ուր կրնան իրականացուիլ նաեւ ֆութպոլի փորձեր, պիտի սպասարկէ շրջակայ դպրոցներու աւելի քան 3000 աշակերտի:

«Անհամբեր կը սպասենք, թէ երբ պատրաստ պիտի ըլլայ մարզակառոյցը: Ֆրանսայի handball-ի հաւաքականը երկար տարիներ եղած է աշխարհի առաջատարը, եւ ով գիտէ, հաւանաբար, արցախցի պատանի handballist-ները նոյնպէս դառնան վաղուան ախոյեաններ», ըսած է հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:

Նշենք, որ 2014ին ալ ֆրանսացի գործարարներու միջոցներով հիմնադրամը ֆութպոլի փոքր դաշտ կառուցած էր Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքին մէջ, ուր իր փորձերը կ՛իրականացնէ Արցախի ֆութպոլի ամենազօրաւոր խումբերէն մէկը՝ Ճարտարի հաւաքականը: Ճարտարի մանկապարտէզը եւս ֆրանսացի բարերարներու նուէրն է համայնքին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement