Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Անդրադարձած է Շուշիի Մզկիթին Մասին Փաշազատէի Յայտարարութիւններուն

By Asbarez | Friday, 14 April 2017

0414karekin

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

 

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս պատասխանած «Արմէնփրէս»ի հարցումներուն՝ անդրադառնալով Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի Ապրիլ 12ի այն յայտարարութեան, ըստ որուն՝ կը ծրագրուի եռակողմ հանդիպում:

Կը ներկայացնենք հարցազրոյցը ամբողջութեամբ:

 

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ.- Վեհափառ Տէր, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ, Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն երէկ յայտնած է հնարաւոր հերթական եռակողմ հանդիպման մասին, այդ տեղեկատուութիւնը որքանո՞վ կը համապատասխանէ իրականութեան:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.- Գիտէք, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան սկզբնաւորման առաջին օրուընէ մեր երջանկայիշատակ նախորդները, ապա եւ մենք, միջնորդութեամբ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքներու, պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած ենք Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ՝ համատեղ ջանքերով նպաստելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Մեր գահակալութեան շրջանին տեղի ունեցած են այդպիսի հինգ հանդիպումներ:

Ներկայիս, միջնորդութեամբ Կիրիլ Պատրիարքին, այո՛, կը ծրագրուի նման եռակողմ հանդիպում: Հանդիպման ժամկէտները դեռ յստակ չեն. հանդիպման թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ կողմերուն միջեւ աշխատանքներ կը տարուին:

 

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ.- Ձերդ սրբութիւն, Ալլահշուքիւր Փաշազատէն նաեւ անդրադարձած է հայկական կողմի ջանքերով Շուշիի մզկիթի վերականգնման իրողութեան, նշած է, որ հայերը ատիկա կ՛ընեն սադրիչ նպատակներով: Ընդվզելով հայերու այս քայլին դէմ՝ շէյխ ուլ իսլամը տեղեկացուցած է, որ հարցը պիտի բարձրացնէ Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ երկիրներու Միջկրօնական խորհուրդի նիստին: Հայ եկեղեցին ինչպէ՞ս կը վերաբերի այս մօտեցումին:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.- Անշուշտ, Ալլահշուքիւր Փաշազադէն ազատ է բարձրացնելու որեւէ խնդիր, ինչ որ եւ յաճախ կ՛ընէ՝ տուրք տալով նաեւ ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի պահանջներուն:

Պատմական փաստ է, որ, ի տարբերութիւն ատրպէյճանական կողմին, որ կ՛ոչնչացնէ հայկական հետք պարունակող երեւէ յուշարձան եւ սրբավայր, ինչպիսի ճակատագիր ունեցան օրինակ՝ հայոց հաւատքի վկայ Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերը, Պաքուի հայկական եկեղեցին՝ գրապահոցի վերածմամբ, Նախիջեւանի մեր վանքերու եւ եկեղեցիներու աւերումը, Արցախի իշխանութիւնները կը պահպանեն ու կը վերականգնեն Արցախի հողին վրայ գտնուող իրենց պատմական ժառանգութիւնը, նաեւ այլ կրօններու պատկանող սրբավայրեր եւ յուշարձաններ:

Շուշիի մզկիթի վերականգնման վերաբերեալ գոհունակութիւն արտայայտելու փոխարէն Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդին կողմէ դրսեւորուած ընդվզումը եւ ատոր հիմնաւորումը մեզի համար անընկալելի է: Արդար եւ ազնիւ պիտի ըլլար զայն արտայայտել սեփական երկրի տարածքին գտնուող հայկական սրբավայրերու եւ յուշարձաններու նկատմամբ գործուող բարբարոսութիւններու առնչութեամբ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement