Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակի Օրը

By Asbarez | Saturday, 15 April 2017

0415arthurmegerdchian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Ապրիլ 14ին լրացաւ Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 25րդ տարելիցը: Այդ առիթով, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Արթուր Մկրտչեանի կուսակցական ընկերներն ու հարազատները, ինչպէս նաեւ Արցախի քաղաքացիներ ծաղիկներ խոնարհեցին Արթուրի յուշաքարին առջեւ:

Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան, խօսելով Արթուր Մկրտչեանի աւանդին մասին՝ յայտնեց. «Իմ կարծիքով Արթուր Մկրտչեանը փորձեց բարոյականութիւնը բերել քաղաքականութիւն եւ դա շատ բնական ձեւով արեց, քանի որ Արցախեան շարժումը բարոյական շարժում էր իր էութեամբ»:

comments

Advertisement