Լրատուական գրագիտութեան կարեւորութիւնը` հանրակրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզերուն մէջ

By Aztag Daily | Thursday, 20 April 2017


Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ նախարարութիւնը եւ <<Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն>> հասարակական կազմակերպութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր` հանրակրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզերուն մէջ լրատուական գրագիտութեան կարեւորման եւ տարածման ուղղութեամբ համագործակցութեան մասին: Յուշագիրը ստորագրած են կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ <<Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն>>-ի գործադիր տնօրէն Նունէ Սարգսեանը:

Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ շատ կարեւոր է ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ լեզուական գրագիտութիւնը ապագայ լրատուական դաշտին համար, քանի որ մեր երկիրը կը գտնուի բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի մը մէջ: <<Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն>>-ին հետ նախարարութիւնը տարիներու համագործակցութեան փորձ ունի, եւ ստորագրուած յուշագիրը կը նպաստէ յատկապէս, որ դպրոցներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտուի ճիշդ արտայայտուելու մշակոյթը, զսպուածութիւնը, սկզբունքայնութիւնը: Եթէ այս ծրագիրը յաջողի, ապա հետագային զայն կրնանք դարձնել մեր կրթական համակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը: Ժամանակակից աշխարհին մէջ լրատուական տարաբնոյթ հոսքերու առկայութեան պայմաններուն մէջ խիստ պահանջուած են տեղեկութեան ընկալման, կարեւորի եւ երկրորդականի զատման, փաստի եւ ենթակայականի մօտեցման տարանջատման հմտութիւններու ձեռքբերումը: Տուեալ հմտութիւնները կը բարձրացնեն նաեւ մեր աշակերտներուն ինչպէս տեղեկատուական անվտանգութիւնը, նոյնպէս ալ քաղաքացիական գիտակցութիւնը: Կրթութեան որակը ունի երեք կարեւոր բաղադրիչ` գիտելիք, հմտութիւն եւ, որ աւելի կարեւոր է` քաղաքացիական դաստիարակութիւն>>, նշած է նախարարը:

<<Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն>>-ի գործադիր տնօրէն Նունէ Սարգսեան իր հերթին ընդգծած է, որ յուշագիրի ստորագրումը  արդիւնք է վերջին 5 տարիներու աշխատանքի` դպրոցի, ուսուցիչներու, լրատուական գրագիտութեան ձեռնարկին: <<Ուրախ եմ, որ լրատուական գրագիտութիւնը սկսած է կարեւոր նկատուիլ եւ կը գնահատուի կրթութեան, հասարակագիտութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքին մէջ: Անիկա իսկապէս մեծ հարց է ամբողջ աշխարհին մէջ, քանի որ լրատուական դաշտը կը փոխուի, եւ, բնականաբար, մարդոց կրթուածութեան աստիճանն ալ այդ մարզին մէջ պէտք է փոխուի եւ կարեւոր նկատուի յատկապէս երիտասարդութեան շրջանակին մէջ:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement