Ազգ-Բանակ-2017 - համաժողովին շեշտը դրուեցաւ այս գաղափարաբանութեամբ սերունդներու դաստիարակութեան վրայ

By Aztag Daily | Saturday, 22 April 2017

Նախագահ Սարգսեան. <<Ազատասիրութիւնը
Եւ Հայրենասիրութիւնը Նոյն Մետալին
Երկու Երեսներն Են, Արժանի Ըլլանք Այդ Մետալին>>

20 ապրիլին Երեւանի <<Կ. Դեմիրճեան>>-ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է ռազմակրթական մարզի հիմնախնդիրներուն նուիրուած <<Ազգ-բանակ-2017>> խորագիրով համաժողովը` պաշտպանութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն կազմակերպութեամբ: Համաժողովին կը մասնակցէին պաշտպանական եւ կրթական գերատեսչութիւններու պատասխանատուներ, հանրակրթական ու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարներ, ուսուցիչներ, դասախօսներ, զինուորական ղեկավարներ, գիտական կեդրոններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` պաշտպանութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, սփիւռքի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարներուն եւ այլ անձնաւորութիւններու ընկերակցութեամբ այցելած է համաժողովի ծիրին մէջ կայացող ցուցահանդէսի տաղաւարներ, զինուորական դաշտային խոհանոց, դիտած է առանձին հարթակներու եւ տաղաւարներու մէջ ներկայացուած սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգերու նմուշները, Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի արտադրատեսակները, ծանօթացած կրթական մարզի կարգ մը յառաջատար հաստատութիւններուն ներկայացուցած կրթական ծրագիրներուն, արձանագրած յաջողութիւններուն:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է հայրենասիրական դաստիարակութեան  կարեւորութեան` դիտել տալով, որ նման համաժողով մը միջոց է` աւելի ամրացնելու մեր հասարակութեան, յատկապէս երիտասարդութեան կապը բանակին հետ, հիմք ստեղծելու նոր սերունդի հրամանատարներու, մտաւորական-սպաներու ամուր առանցքի ձեւաւորման:  Ըստ անոր, պետութիւնը պիտի շարունակէ գործնական քայլերու ձեռնարկել` սպայական մասնագիտութիւն ընտրած իր քաղաքացիներուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ հայրենիքին համար իրենց կեանքը զոհած կամ ծառայութեան պատճառով հաշմանդամ դարձած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելու իր քաղաքականութիւնը:

<<Հայրենասիրական դաստիարակութիւնը ամրապնդելու համար նախ եւ առաջ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի մէջ պէտք է ամրապնդել տիրոջ զգացումը: Երկրի լաւագոյն պաշտպանը այն մարդն է, որ կը գիտակցի հայրենիքին նկատմամբ իր ունեցած պատասխանատուութեան: Պատասխանատուութիւնը վերացական եւ վերամբարձ հասկացողութիւն չէ: Պատասխանատու է այն մարդը, որ ունի գոնէ իր սեփական անկիւնը: Եթէ անգամ չունի, վստահ է, որ իր ազնիւ աշխատանքով այդ անկիւնը պիտի վաստկի: Այդ մարդը ո՛չ միայն պիտի ստեղծէ իր անկիւնը, այլ նաեւ պիտի ընդարձակէ զայն, դարձնէ իր ընտանեկան օճախը: Այդ բնակարանին, այդ միջավայրին մէջ ան պիտի դաստիարակէ իր զաւակները, որոնք պիտի տոգորուին միեւնոյն սեփականատիրոջ զգացումով:  Ասիկա, իմ խորին համոզումովս, հայրենասիրական լաւագոյն դաստիարակութիւնն է>>, ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Ան հաստատած է, որ առանց վճռական տիրոջ, առանց երկրի հայրենի հողին կառչած կիներուն եւ տղամարդոց կարելի չէ որեւէ հայրենասիրական դաստիարակութիւն փոխանցել, որովհետեւ նմաններն են, որոնք ունակ են դաստիարակելու իրենց զաւակները, որպէսզի վերջինները նուիրուին իրենց հայրենիքին, իրենց հողին ու ջուրին: Նախագահին համաձայն, նման անձեր կարիք չունին քարոզներու կամ կոչերու, այլ անոնք հայրենիքի նկատմամբ այդ զգացումն ու նուիրումը կ’ունենան ինքնաբուխ կերպով, մանաւանդ երբ զգան, թէ վտանգ կը սպառնայ իրենց երկրին:

<<Հայաստանը բազմաթիւ փոքր ու մեծ բնակավայրերու հանրագումարն է: Այդ հանրագումարին մէջ երբեք մենք պէտք չէ կորսնցնենք նոյնիսկ ամէնէն փոքր միաւորը: Մենք պէտք է սիրենք, գուրգուրանք ու պահպանենք այդ միաւորը: Ո՞վ կրնայ ատիկա լաւագոյնս ընել, քան սեփականատէրը, իր ազնիւ աշխատանքով իր ընտանիքի հացը վաստկող տղամարդն ու կինը: Ա՛յս է հայրենիքը ճանչնալու եւ սիրելու միակ ուղին: Այդ արժէքները մենք միշտ պէտք է ամրապնդենք եւ փոխանցենք սերունդէ-սերունդ` նախ եւ առաջ մեր ընտանիքներուն միջոցով: Ընտանիքը մեր ազգապահպանութեան կարեւորագոյն եւ ամէնէն ամուր միաւորն է, ուր իւրաքանչիւր մարդ կը ստանայ իր հիմնարար արժէքները>>, նշած է նախագահ Սարգսեան:

Ան դիտել տուած է, որ արժանապատիւ քաղաքացի եւ հասարակութեան պատասխանատու անդամ դաստիարակելու առումով կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է ինքնին դպրոցին` աւելցնելով, որ հայրենասիրութիւնը, մարդասիրութիւնն ու պատուախնդրութիւնը բոլորիս մէջ ներարկած են մեր ուսուցիչները: Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, պէտք է թէ՛ տէրը, եւ թէ՛ ծառան դառնալ երկրին:

<<Տէր ըլլալ սեփական վաստակին, տէր ըլլալ սեփական երկրին, տէր ըլլալ սեփական իրաւունքներուն, կը նշանակէ ըլլալ ազատ: Ազատասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը նոյն մետալին երկու երեսներն են: Արժանի ըլլանք այդ մետալին: Պաշտպանե՛նք մեր ազատութիւնը, ինչպէս կը պաշտպանէինք մեր այգին, քանի որ առանց այդ այգիին չենք ունենար վաստակ կամ այլ բան>>, աւելցուցած է նախագահը:

Իր խօսքը աւարտելով` նախագահ Սարգսեան ըսած է. <<Խաղաղ պայմաններու մէջ մենք ազգ-այգեպան ենք, իսկ վտանգի պահուն կը դառնանք ազգ-բանակ: Ահա ա՛յս է մեր երկրին տէրերուն, երկրի մշակներուն եւ երկրի պաշտպաններուն հայեցակարգը>>:

Բանակին Ծառայելու Պայմանները Գրաւիչ Դարձնելու
Նախաձեռնութիւններ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ հանրային քննարկումի սկսելու նպատակով <<Ազգ-բանակ>> հայեցակարգին ներքեւ ներկայացուցած է երկու նոր նախագիծ` <<Պատիւ ունիմ>> եւ <<Ես եմ>>: Նախագիծերը պիտի ենթարկուին համակողմանի մասնագիտական փորձաքննութեան եւ հանրային քննարկման` նախքան օրէնսդրական ձեւակերպումներու առաջադրումը:

<<Պատիւ ունիմ>> պետական ծրագիրի գաղափարախօսութիւնն է` բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսումնառութեան յետաձգումը կապել ապագայ սպայական ծառայութեան հետ: Պետական հաւատարմագրում ունեցող (պետական կամ մասնաւոր) համալսարաններ ընդունուած իւրաքանչիւր երիտասարդ իրաւունք ունի դիմելու այդ ծրագիրին մաս կազմելու: Կարգ մը պայմաններու համապատասխանելու պարագային (առողջական վիճակ, հրամանատարական ջիղը որոշելուն միտուած հոգեբանական քննութիւն, ուսման ընթացքին գնահատականի նուազագոյն շեմի պահպանում), ան կրնայ ընդգրկուած ըլլալ նշուած ծրագիրին մէջ` դառնալով սպայի կոչման յաւակնող թեկնածու: Քաղաքացիական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողները պաշտպանութեան նախարարութեան <<Վազգէն Սարգսեան>>-ի անուան ռազմական համալսարանին մէջ զինուորական պատրաստութեան դասընթացներուն յաջողութեամբ հետեւելէ եւ վկայական ստանալէ ետք պսակաւոր արուեստից աստիճան ստանալու զուգահեռ կը ստանան դերգնդապետի սպայական կոչում եւ երեք տարի ժամկէտով ծառայութիւն կը կատարեն զինուած ուժերուն մէջ: Այդպիսով, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած քաղաքացին կարելիութիւն կ՛ունենայ աւելի բարձր մակարդակի վրայ իր ծառայութիւնը բերել հայրենիքին` միաժամանակ ունենալով սպայական կարգավիճակ:

Ըստ նախարարին, ծրագիրի կարեւոր արդիւնքներէն է լուրջ սպայական պահեստազօրի ձեւաւորումը: Մեծաքանակ շարքային պահեստազօր ունեցող բանակին անհրաժեշտ են հմուտ եւ սահմանագիծին վրայ ծառայութիւն կատարած պահեստազօրի սպաներ:

<<Ես եմ>> ծրագիրը կոչուած է խրախուսելու անոնք, որոնք իրենք տուած են սահմանագիծին վրայ ծառայելու որոշումը: Նմանները իրաւունք կը ստանան անցնելու ծառայութեան նոր տեսակի` ժամկէտային-պայմանագրային: Ծառայութիւնը կը տեւէ 3 տարի, սակայն անոր 7 ամիսը զինուորը ազատ կ’ըլլայ` սկսելով 6-րդ ամիսէն, երբ իր ստորաբաժանումը պիտի ստանձնէ մարտական հերթապահութիւնը` իւրաքանչիւր ամիս ծառայելով 1+1+2 բանաձեւով: Ծառայութեան աւարտին անոր անձնական հաշիւին կը փոխանցուի շուրջ 5 միլիոն դրամ, որ զօրացրուած զինուորը կրնայ օգտագործել երեք նպատակներու` բնակարան գնել, փոքր գիւղատնտեսական ծրագիր մշակել, ուսման վճարում կատարել:

<<Երեք նպատակային ծրագիրներն ալ կը միտին նաեւ ծառայած երիտասարդին Հայաստանի մէջ իր ապագան կառուցելու կարելիութեան, երկարատեւ ծրագիրներու միջոցով երկրին հետ իր անբաժան կապը խորացնելուն>>, հաստատած է նախարարը:

Ռուստամեան. <<Ազգ-Բանակը Ոչ Թէ Նախայարձակ
Ռազմականացման Խնդիր Կը Լուծէ, Այլ Պաշտպանութեան
Ծայրայեղ Անհրաժեշտութենէն Կը Բխի>>

Նոյն համաժողովի ծիրին մէջ <<Ազգ-բանակ. անվտանգութեան բանաձեւ>> նիւթով քննարկման հիմնական զեկուցողներէն էր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ  <<Ազգ-բանակ>> հայեցակարգի գլխաւոր չորս խնդիրներուն անդրադարձած է:

<<Նախ եւ առաջ պէտք է յստակ սահմանուի անհրաժեշտութիւնը եւ պարզ դառնայ, որ հայեցակարգը կենսական անհրաժեշտութենէ բխած միջոց է: Երկրորդը` պէտք է յստակ նպատակը ճշդուի, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կ’ընթանայ այդ հայեցակարգը, երրորդը` առաջնային խնդիրները նշուին եւ չորրորդը` կարեւոր է գնահատել կարելիութիւններն ու ներուժը>>, ըսած է ան:

Արմէն Ռուստամեան ակնյայտ նկատած է այն, որ շրջանին մէջ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը Հայաստանի նկատմամբ թշնամական վիճակ ստեղծած է: <<Մենք մեր յոյսը պէտք է մեր վրայ դնենք, երբ դուն ուրիշ տեղեր կը փնտռես ուժի աղբիւրը, միշտ կը սխալիս>>, ըսած է ան:

Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ հայեցակարգին նպատակն է հասարակութեան եւ զինուած ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը որակապէս նոր մակարդակի եւ խորութեան  առաջնորդել: <<Մենք ունինք գիւղեր, որոնք ռազմական կարգավիճակի մէջ կ’ապրին, եւ պէտք է ոչ թէ սահմանամերձ ըլլալ, այլ սահմանապահ հասկացողութիւնը պէտք է կիրարկուի` հասկնալով, որ անոնք ոչինչով կը տարբերին զինուորէն>>, դիտել տուած է ան:

Ըստ անոր, բանակին նկատմամբ բացառիկ վերաբերում մը կայ, յարգանք եւ յատուկ վստահութիւն կայ անոր նկատմամբ: <<Մանաւանդ ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուաւ, որ մենք կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, եւ այդ բանակին շնորհիւ է, ինչ որ աւելի բարձրացուց յարգանքը եւ վստահութիւնը բանակին նկատմամբ: Ասիկա անպայման դրական արդիւնքներ պիտի տայ>>, աւելցուցած է Ռուստամեան:

Խօսելով ներուժին մասին` ան հաստատած է, որ նիւթական միջոցները այնքան առաջնային չեն, որքան քաղաքական կամքը եւ այլ թափանցիկ գործունէութիւնը: <<Ազգ-բանակը ոչ թէ նախայարձակ ռազմականացման խնդիր կը լուծէ, այլ պաշտպանութեան ծայրայեղ անհրաժեշտութենէն կը բխի: Անիկա մեր գոյութեան իրաւունքը պաշտպանելու հայեցակարգ է, որ պէտք է միս ու արիւն ստանայ եւ մտնէ իւրաքանչիւրին տունը>>, ըսած է Ռուստամեան:

Ան շեշտած է, որ ամէն տեղ եւ բոլոր ժամանակներուն ազգ-բանակ բնորոշ կազմակերպուածութեամբ կարելի եղած է ճգնաժամային պահուն պաշտպանութիւն իրականացնել` աւելցնելով, որ ատոր համար պէտք է միշտ հիմք պատրաստել: Ըստ անոր, խաղաղութիւնը ոչ ոքի կը նուիրուի, ոչ ոք պէտք է մուրայ խաղաղութիւնը, այլ պէտք է նուաճէ զայն, իսկ նուաճելու համար պէտք է պատրաստ ըլլալ պատերազմի:

<<Ազգ-բանակ գաղափարախօսութեան նպատակը պէտք է ըլլայ <<Խաղաղութի՞ւն կ’ուզես, ուրեմն պատրաստ եղիր պատերազմի>> սկզբունքի գործնականացումը, ժողովուրդին անվտանգութեան ու պետութեան արժանապատիւ  գոյատեւման ապահովումը>>, ըսած է Ռուստամեան` նշելով, որ ազգային անվտանգութեան  անհրաժեշտ մակարդակի ապահովման ծառայող բանակաշինութեան համալիր ծրագիր  պէտք է իրականացնել, պէտք է ապահովել նոյնինքն ազգ-բանակ գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած բանակաշինութեան ծրագիրը:

<<Այդպիսի ծրագիրի արդիւնքը պէտք է  ըլլայ այն, որ բոլորը խաղաղ պայմաններու մէջ ընդգրկուած ըլլան  բանակաշինութեան գործին մէջ, պատերազմի ժամանակ` պաշտպանութեան>>, ըսած է ան` աւելցնելով, որ այս հայեցակարգը պէտք է նպաստէ ազգային պետական բազմաշերտ խնդիրներու լուծման, արժեհամակարգի առողջացման, հասարակական համերաշխութեան ամրապնդման, ընդհանուր նպատակներու շուրջ  հայութեան կազմակերպման, երկրի ինքնաբաւութեան ընդհանուր մակարդակի բարձրացման, սպառազինական յառաջընթացի խթանման, ռազմարդիւնաբերական համալիրի շարժական դերակատարութեամբ տնտեսութեան արագընթաց զարգացման:

Մկրտչեան. <<Հայաստանի Մէջ Կրթական Համակարգին
Հիմնական Չափանիշը Հայրենասիրական
Դաստիարակութիւնը Պէտք Է Ըլլայ>>

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան <<Ազգ-բանակ-2017>> համաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ Հայաստանի կրթական համակարգին գլխաւոր առաջադրանքն է հայ տեսակի շարունակութիւնը ապահովելը, որովհետեւ անիկա անկիւնադարձային կարեւորութիւն ունի հայրենասիրական գաղափարախօսութեան ամրագրումին մէջ:

<<Այսօր ունինք բանակ-դպրոց ամուր կապ, հայրենասիրական կրթական քաղաքականութիւն իրականացնող մասնագիտական համակարգ, եւ հասած է պահը, որ խօսինք աւելի մեծ, յաւակնոտ փուլ անցնելու անհրաժեշտութեան մասին>>, ըսած է ան: <<Վստահ եմ, որ մենք մեր հետագայ աշխատանքներուն մէջ պիտի կարենանք մանրամասնօրէն քննարկել արդէն ոչ թէ կատարուածը, այլ պիտի փորձենք հասկնալ այն խոչընդոտները, որոնք այսօր թոյլ չեն տար ամբողջականօրէն իրականացնել մեր ծրագիրը: Ռազմագիտութեան ուսուցիչներուն եւ դպրոցներու տնօրէններուն հետ պէտք է կարենանք ո՛չ միայն գնահատել այսօրուան իրավիճակը, արժեւորել ձեռքբերումները, այլեւ հասկնալ, թէ ի՛նչ նոր մեթոտաբանութիւններ անհրաժեշտ են այս նոր գաղափարախօսութեան համար, ի՛նչ բան անհրաժեշտ է, ի՛նչ պէտք է ընել, որ <<ռազմագիտութիւն>> դասանիւթը, հայրենասիրական դաստիարակութեան վերաբերող այլ դասերու կողքին իսկապէս ծառայէ իր նպատակին, չդառնայ ձեւական>>, նշած է նախարար Մկրտչեան: Ըստ անոր, տնօրէններն ու ուսուցիչները պէտք է հասկնան, որ դպրոցը ունի առաքելութիւն, յատկապէս Հայաստանի պայմաններուն մէջ, երբ երկիրը այնքան փոքր է, որ այս երկրին մէջ չկայ թիկունք եւ սահման հասկացողութիւնը: <<Մենք պարտաւոր ենք մեր կրթական համակարգին մէջ դնել հիմնական չափորոշիչը` հայրենասիրական դաստիարակութիւնը>>, ըսած է Լեւոն Մկրտչեան: Ան կարեւոր նկատած է վերջին 20 տարիները, երբ անկախ Հայաստանի կրթական համակարգը դէմ յանդիման գտնուեցաւ շատ կարեւոր հարցի մը` ինչպիսի՞ կրթութիւն կ’ուզենք Հայաստանի Հանրապետութեան համար, ի՞նչ տեսլականի վրայ հիմնուած է այդ համակարգը եւ ի՞նչ ձեւաչափով յառաջ պիտի տարուի մեր անկախ մտածողութիւնը նոր պայմաններուն մէջ: <<Առաջին անգամ սկսան մտածել, որ ի վերջոյ այս նոր դպրոցին կը պակսի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը: 90¬ականներու աւարտին եւ 2000¬ականներու սկիզբը գաղափարախօսութիւնը դարձաւ գործնական ծրագիր: Մենք կրցանք <<Ազգ-բանակ>> գաղափարախօսութեան առաջին հիմքը դնել Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ, փորձեցինք բացարձակ գաղափարական հենք չունեցող դպրոցական համակարգին ներարկել շատ կարեւոր դրոյթ մը, որով ամրագրուեցաւ կրթական համակարգի գործունէութեան իմաստը>>, նշած է նախարարը:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement