By Aztag Daily | Wednesday, 26 April 2017
Երէկ` կիրակի, 23 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու աւանդական դարձած <<Ջահերով երթը>>, որ տարիներէ ի վեր կը համախմբէ պահանջատիրութեան գաղափարը կրող հազարաւոր հայորդիներ:
Երթին կը մասնակցէին բազմահազար երիտասարդներ` տարբեր կուսակցութիւններէ, հասարակական կազմակերպութիւններէ, ուսանողական միութիւններէ, ինչպէս նաեւ անհատ քաղաքացիներ:
Երթը սկսելէ առաջ երիտասարդները` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, այրեցին Թուրքիոյ դրօշակը եւ այդ կրակով վառեցին իրենց ջահերը:
Հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր հասած երթի հազարաւոր մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ եղեռնի աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին: Անմար կրակին մօտ հոգեւորականներ աղօթեցին առ Աստուած, խոնարհուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշակները: Երիտասարդները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ