By Asbarez | Thursday, 27 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի պետական մարմինները պէտք է կրճատեն ինքնաշարժներու թիւը եւ շքեղութեան միւս դրսեւորումները: Կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան հերթական նիստին, վարչապետ Կարէն կարապետեան այդպիսի յորդորով դիմեց նախարարներուն:
Վարչապետը յիշեցուց, որ Մայիսին պիտի քննարկուի կառավարութեան 6ամսեայ ծրագիրի իրականացումը: Կարէն Կարապետեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներէն խնդրեց ուշադրութիւն կեդրոնացնել իրենց գերատեսչութիւններու ծախսերուն վրայ եւ կրկին ստուգել՝ արդեօք պետական մարմիններու գործունէութեան մէջ կրկնութիւններ կա՞ն:
<<Մենք նման դէպքեր ունենք: Հարկաւոր է վերացնել սա: Ծախսեր, մեքենաներ, շքեղութեան այլ դրսեւորումներ… Գուցէ <<շքեղութիւնն>> այնքան էլ ճիշդ բառ չէ, բայց մենք պէտք է ամէն ինչ ուսումնասիրենք՝ մինչեւ վերջին մանրուքը>>, ընդգծեց Կարէն Կարապետեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ