By Asbarez | Friday, 28 April 2017
<<Ֆրիտըմ Հաուս>> միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է <<Մամուլի ազատութիւն 2017>> ամէնամեայ զեկոյցը:
Զեկոյցին մէջ, Հայաստանի մամուլը կը գնահատուի որպէս <<ոչ ազատ>>: Այս ցուցանիշով Հայաստան 63 միաւորով աշխարհի մէջ 137րդ տեղը կը գրաւէ:
2016ի զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստան, մամուլի ազատութեան տեսանկիւնէն, կը գրաւէր <<ոչ ազատ>> երկիրներու շարքին աշխարհի 199 երկիրներու ցանկին 139րդ տեղը:
Մամուլի առումով <<մասամբ ազատ>> է Վրաստանը, որ 102րդ տեղը կը գրաւէ: <<Ոչ ազատ>> է Թուրքիան՝ 163րդ, Իրանը եւ Ատրպէյճանը 190րդ: Միացեալ Նահանգները ցանկին վրայ 33րդն է. առաջիններն են՝ Նորվեկիան, Հոլանտան, Շուէտը, Պելճիքան, Դանիան եւ Իսլանդիան:
Ընդհանուր առմամբ, Հայաստան <<մասնակի ազատ>> երկիր կը գնահատուի, իսկ համացանցի ազատութեան մասով սահմանուած է իբրեւ <<ազատ>> երկիր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ