Նախարար Դաւիթ Լոքեան այցելեց Արագածոտնի մարզ

By Aztag Daily | Monday, 01 May 2017


Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 26 ապրիլին  Հայաստանի Արագածոտնի մարզ  կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ այցելած է Արտենի եւ Արագածաւան համայնքներ, հանդիպումներ ունեցած է նշեալ համայնքներու ղեկավարներուն հետ:

Արտենիի մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն համայնքային տարաբնոյթ խնդիրներու շուրջ: Նախարար Լոքեան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ Արտենին զարգացման լաւագոյն ծրագիրներ ներկայացուցած համայնքներու շարքին է:

Համայնքի ղեկավար Գեղամ Խլղաթեան նախարարին  ներկայացուցած է համայնքի ընթացիկ աշխատանքները, մասնաւորապէս անդրադարձած է <<Արթին ջուրերու արտադրութիւն համագործակցական>>-ի ընդլայնման ծրագիրին, որուն նպատակն է համայնքին մէջ զարգացնել գիւղատնտեսութիւնը, խթանել ձեռներէցութիւնը, բնակիչներուն համար ստեղծել բերքը մթերելու կարելիութիւն:   Ծրագիրին հանգամանօրէն ծանօթանալով` Դաւիթ Լոքեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ կառավարութեան նպատակն է նոր որակ հաղորդել տարածքային կառավարման եռաստիճան համակարգին` համայնք- մարզպետարան կառավարութիւն համագործակցութեան:

Արտենի եւ Արագածաւան համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ եւս անդրադարձ կատարուած է  ջուրի եւ այլ հարցերու:

Դաւիթ Լոքեան այցելած է նաեւ համայնքներուն մէջ գործող նախադպրոցական հաստատութիւններ: Նախարարը գոհունակութիւն  յայտնած է յատկապէս Արագածաւանի մանկապարտէզին մէջ կատարուող աշխատանքներուն համար` նկատել տալով, որ կազմակերպչական եւ դաստիարակչական լաւ փորձը կրնայ օրինակելի ըլլալ նաեւ այլ համայնքներու համար:

 



comments