Հրանդ Մարգարեան - Վարչապետին հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունինք

By Aztag Daily | Wednesday, 03 May 2017

Յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ-ն եւ ՀՀԿ-ն  համագործակցութեան յուշագիր պիտի ստորագրեն: Այս եւ այլ հարցերու  շուրջ <<Երկիր>>-ը զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ  Մարգարեանին հետ:

Պատասխանելով այն մատնանշումին, որ նախորդող օրերուն մամուլին մէջ յամառօրէն կը պնդուի, թէ ՀՅԴ-ի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են, Հրանդ Մարգարեան ըսած է. <<Կը կարծեմ, որ անոնք, որոնք նման լուրեր կը տարածեն, այլ նպատակներ կը հետապնդեն: Իրականութեան մէջ լարուածութիւն չկայ: <<Լարուածութիւն>>-ը այս պարագային շատ կոպիտ բառ է: Բնականաբար, մարդիկ ենք, տեսակէտներ ունինք, քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, բայց, վերջ ի վերջոյ, կը տրուին որոշումներ: Համաձայնագիրի բնագիրը պատրաստ է, չստորագրելու պատճառ չկայ, կը սպասէինք Սահմանադրական դատարանիորոշումը: Կը կարծեմ, որ մօտ օրէն պիտի կատարուի ստորագրման արարողութիւնը:

Մենք ունինք բնականոն յարաբերութիւններ վարչապետին հետ, ունինք տեսակէտներ, երբեմն այդ տեսակէտները կը նոյնանան, երբեմն` կը տարբերին, բայց մեր յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ լարուածութիւն չկայ>>:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀՀԿ-ՀՅԴ նոր ստորագրուելիք յուշագիրը անժամկէ՞տ է, թէ՞ մինչեւ 2018 թուականն է, Հրանդ Մարգարեան ըսած է. <<Այս հանգրուանին մեր նոր համաձայնագիրը, ինչպէս նախորդը, բնականաբար, անժամկէտ պիտի ըլլայ: Սակայն նոյն համաձայնագիրին մէջ նաեւ գրուած է, թէ ո՛ր պարագաներուն անիկա կրնայ չեղեալ նկատուիլ: Համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելու ձեւը նախատեսած ենք, բայց համագործակցութեան համար ժամկէտ չենք նշած>>:

 

 



comments