By Aztag Daily | Wednesday, 03 May 2017
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան միջեւ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ բանակցութիւնները գրեթէ աւարտած են:
<<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
<<Նոր Ազգային ժողովի կանոնակարգը կը նախատեսէ, որ բաժնուին կառավարող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները: Պահանջ կայ, որ պէտք է այս յստակութիւնը անպայման մտնէ, ինչ որ կ՛ենթադրէ նաեւ յուշագիր ստորագրել, քաղաքական համաձայնագիր ստորագրելու մասին յուշագիր, որուն վրայ մենք կ՛աշխատինք>>, ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ վերջնականապէս կ՛աւարտին բանակցութիւնները, Ռուստամեան ըսած է, թէ չի բացառուիր, որ այս շաբաթ աւարտին:
<<Հաւանական է, որ քաղաքական համաձայնագիրը արդէն այս շաբաթ ստորագրուի: Մենք պատրաստ էինք ամէն պահու այդ ստորագրութիւնը կատարել, բայց կար Սահմանադրական դատարանի դիմումը>>, նշած է Ա. Ռուստամեան:
Նոր փաստաթուղթով, Ռուստամեանի փոխանցումով, կը դասաւորուի նաեւ քատրային քաղաքականութիւնը:
<<Մինչեւ հիմա նշանակումները եղած են անաչառ եւ ամբողջապէս հիմնաւոր ընտրութիւն կատարելու միջոցով>>, ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ճի՞շդ են արդեօք լուրերը, որ կը բանակցին մէկ նախարար եւս ունենալու հարցով, կ՛ուզե՞ն արդեօք մէկ նախարար եւս ունենալ, Արմէն Ռուստամեան նշեց. <<Ո՞վ չ՛ուզեր, որ աւելնան® Խնդիրը աւելիի կամ պակասի հարցը չէ: Կարեւոր է, որ համագործակցութեան մեքանիզմը գործէ եւ որոշումները տրուին` ձգտելով բոլոր հարցերուն մէջ համախոհութեան: Ասիկա գլխաւոր հարցն է: Նոր կառավարութեան գլխաւոր հարցերէն մէկը պէտք է ըլլայ ճիշդ կառուցուածքն ու գործունէութեան կարգի ամրագրումը>>:
Ռուստամեան ըսաւ, որ ՀՀԿ-ին հետ կը բանակցին ոլորտներու շուրջ, անձերու շուրջ, բայց քանի որ հանգուցալուծման տակաւին չեն հասած, փակագիծերը կարելի չէ բանալ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ