Հողեր յանձնել՝ կը նշանակէ, որ մեր զոհերն անիմաստ էին. Վիրաւորուած զինուորները կը խօսին

By Asbarez | Wednesday, 03 May 2017

0504soldiers

ԵՐԵՒԱՆ -  Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած զինուորներ Հայկ Սեխլիեանի եւ Դանիէլ Դաւթեանի համար անհասկնալի են Արցախի հողերու մէկ մասը յանձնելու վերաբերեալ զրոյցները: Իրենք եւ իրենց ընկերները, ինչպէս նաեւ ժամանակին իրենց հայրերը արիւն թափած են այդ հողերը ազատագրելու համար:

Չորեքշաբթի, 3 Մայիսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Հայկ Դաւթեան, որ Մատաղիսի մէջ գլխուն բեկորային վնասուածք ստացած էր, նշած է, որ այս երկար տարիներուն ընթացքին մեր բոլոր զոհերը, ինչպէս նաեւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ տասնեակ երիտասարդներու մահը, անիմաստ կը դառնան, եթէ հողեր յանձնուին թշնամիին:

Թալիշի մէջ ողնաշարէն վիրաւորուած Հայկ Սեխլիեան, իր կարգին, նշած է, որ հակառակ հաշմանդամ ըլլալուն, անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է դարձեալ պատերազմիլ՝ յօգուտ իր ժողովուրդին եւ վստահ է, որ նոյնպէս կը մտածեն վիրաւորուած բոլոր երիտասարդները: Հայկ նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմի օրերուն, Ատրպէյճանին անցած հողի հատուածը կրկին Արցախին պիտի վերադարձուի:

<<Այդ հողերը նրանց մօտ ժամանակաւոր են գտնւում>>, ըսած է Հայկ: Եթէ հողերը յանձնելու քաղաքական որոշում ընդունուի, Հայկ համոզուած է, որ ոչ զինուորները, ոչ ալ կամաւորները կրնան համաձայնիլ նման բանի:

<<Այդ հողի վրայ զոհուել են մեր ընկերները, եւ մենք կ՛օգտագործենք մեր բոլոր ռեսուրսները՝ դրանք պահպանելու համար>>:

 



comments