Ժիրայր Սէֆիլեանի գործը ուղարկուած է դատարան

By Asbarez | Thursday, 04 May 2017

Head of the 100th Anniversary Without Regime movement Zhirayr Sefilyan, Garegin Chugazsyan, Varuzhan Avetisyan, Pavel Manukyan, Aram Hakobyan and Gevorg Safaryan from the arrested storage  were moved to the RA Investigation Committee

ԵՐԵՒԱՆ - Քրէական շարք մը ծանր յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ <<Հիմնադիր խորհրդարան>>ի այլ անդամներու գործը ուղարկուած է դատարան:

Ըստ դատախազութեան՝ ընդդիմադիր գործիչը 2015ի Նոյեմբերին կազմած ու ղեկավարած է զինուած խումբ մը՝ նպատակ ունենալով զէնքով քաղաքացիներու եւ զինծառայողներու կեանքին նկատմամբ վտանգաւոր բռնութեամբ, շէնքեր, շինութիւններ գրաւելու միջոցով՝ պետութեան որոշ գործողութիւններ հարկադրել:

Համաձայն մեղադրանքին՝ Ժիրայր Սէֆիլեան նշուած ենթախումբի անդամներուն տրամադրած է AK-74 տեսակի երկու ինքնաձիգ՝ 120 փամփուշտներով, զորս, բացայայտումէն խուսափելու նպատակով, ենթախումբի անդամները պարբերաբար տեղափոխած եւ պահած են տարբեր վայրերու մէջ, սպասելով գրոհի վերաբերեալ Ժիրայր Սէֆիլեանի հրահանգին:

Հիմնադիր խորհրդարանի առաջնորդին փաստաբանը՝ Տիգրան Հայրապետեան, առաջադրուած մեղադրանքները անհեթեթութիւն կ՛որակէ. <<Այստեղ մեղադրանք չկայ: Այս մեղադրանքը կը հաստատէ, որ Հայաստանի մէջ անձը պէտք չէ զբաղի ընդդիմադիր քաղաքական գործունէութեամբ>>:

Դատախազութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ յանցագործութիւնը չէ կատարուած Ժիրայր Սէֆիլեանի կամքէն անկախ, քանի որ իրաւապահները յայտնաբերած են հրազէնն ու ռազմամթերքը:

Մեղադրանքին մէջ կը նշուի նաեւ, որ 2016ի քառօրեայ պատերազմին, հայկական կողմի զոհերու հանգամանքով պայմանաւորուած՝ ենթախումբի անդամները հրաժարած են մասնակցիլ Սէֆիլեանի ծրագրած զինծառայողներու կեանքին վտանգ հանդիսացող զինուած յարձակման մասնակցելէ:

Փաստաբանը այս մէկուն ալ համաձայն չէ. <<Ճիշդ հակառակը ըսած է: Յովհաննէս Պետրոսեան հետեւեալ հարցը ուղղած է Ժիրայր Սէֆիլեանին. <<Ժիրայր, դուն կ՛ըսէիր, որ մենք յեղափոխութիւն պիտի ընենք, ինչո՞ւ ժողովուրդին տարիր ետեւէդ ու յեղափոխութիւն չըրիր… Հետեւաբար ես քեզի չեմ հաւատար>>: Այսինքն, Յովհաննէս Պետրոսեան ընդունած է, որ ինք յեղափոխութիւն կատարող անձ է, եւ ինք չէ հրաժարած, սպասած է հրամանի: Ապա մեղադրած է Ժիրայրը, որովհետեւ այդ հրամանը չէ տուած>>:

Ըստ Տիգրան Հայրապետեանի՝ պաշտպանական կողմին համար ընդհանրապէս անհասկնալի է, թէ զինծառայողներու կեանքին վտանգ հանդիսացող զինուած ի՞նչ յարձակման մասին է խօսքը:

 



comments