By Asbarez | Friday, 05 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Մայիս 5ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ <<Երեւան Էքսպօ>> կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը:
Ցուցահանդէս-վաճառքի բացման ներկայ էր Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Նախարարը շրջեցաւ տաղաւարներով, ծանօթացաւ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու գործունէութեան, հետաքրքրուեցաւ արտադրական գործընթացքի նորարարութիւններով եւ խնդիրներով, դիտեց <<Աշխարհի կեդրոնէն՝ տիեզերքներէն մէկուն մասնիկը>> հայկական առաջին 360 աստիճան ֆիլմը, պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Հրանոյշ Յակոբեան, իր տեսակէտը յայտնելով՝ ըսաւ. <<<<Պատրաստուած է Հայաստանում>> ապրանքանիշը կրող արտադրանքները միջազգային շուկայում գնալով դառնում են աւելի ընդունուած, պահանջուած եւ տարածուած: Նման ցուցահանդէսներով մենք պէտք է խրախուսենք սփիւռքահայ ներդրողներին եւ աշխատենք օրինակ վերցնել հայրենադարձուած մեր հայրենակիցներից, ովքեր աշխատանքի եւ արտանդրանքի որակի հանդէպ պատասխանատուութեան իւրայատուկ մօտեցում ունեն: Այս առումով, նրանց արտադրանքները մրցունակ են եւ նորարարական: Հայրենիքում սփիւռքահայ արտադրողների համար պայմաններ են ստեղծւում, նրանց գործունէութիւնը դիւրացնելու նպատակով որոշակի քայլեր են իրականացւում: Վերջին ժամանակաշրջանում, մասնաւորապէս տնտեսական ոլորտում, կառավարութիւնը հարկային արտօնութիւններ է սահմանում սփիւռքահայ ներդրողների եւ արտադրողների համար: Մեր ուշադրութեան կենտրոնում շարունակում են մնալ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները, որոնցով յատկապէս զբաղւում են Հայաստանում հաստատուած սիրիահայերը>>: Նախարարը նշեց, որ ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայ սփիւռքահայ ներդրողները եւ արտադրողները հայրենիք վերադարձած են տարբեր երկիրներէ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ այլն:
Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին սուրիահայ գործարար Ալեքսան Գարատանայեան, որ Հայաստանի մէջ հիմնած է <<Ալեքս Արթ<< (Alexan Art) եւ <<Սոնա Փրին>>չ (Sona Print) ընկերութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար: <<2012ի Հոկտեմբեր 24ին, սփիւռքի նախարարութեան մէջ փոքր եւ միջին գործարարութեան սուրիահայ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան հայաստանեան գործուածքներու ոլորտի արտադրողներուն հետ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց մեզի եւ ամուր գործակցութեան հիմք դրաւ: Մեծ է նախարարութեան դերակատարութիւնը մեր գործարարութեան կայացման գործին մէջ, քանի որ առաջին համագործակցութեան առաջարկները ստացած ենք նոյնինքն Սփիւռքի նախարարութեան մէջ>>,ըսաւ Ալեքսան Գարատանայեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ