By Asbarez | Friday, 05 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Էրեբունի>> բժշկական կեդրոնի մասնագէտները նորածին հնգեակէն երկուքը կը նախապատրաստեն ինքնուրոյն շնչառութեամբ <<ՍԻՊԱՊ>> (SIPAP) համակարգին միացնելու համար:
Մայիս 3ին, <<Էրեբունի>> բժշկական կեդրոնին մէջ ծնած հնգեակի առողջական վիճակին մասին առողջապահական նախարարութիւնը Ուրբաթ, 5 Մայիսի առաւօտեան հաղորդած է, որ <<Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման գիտահետազօտական կենտրոն>>ի, <<Սուրբ Աստուածամայր>> եւ <<Էրեբունի>> բժշկական կեդրոններու նորածիններու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ բուժուող փոքրիկներուն վիճակը կը շարունակէ մնալ կայուն: Անոնցմէ մէկը ծնած օրէն սկսած է շնչել առանց արհեստական շնչառական սարքի: Միւս երկուքը եւս կը նախապատրաստեն ինքնուրոյն շնչառութեամբ՝ <<ՍԻՊԱՊ>> (SIPAP) համակարգին միացնելու համար:
<<Մուրացան>> հիւանդանոցային համալիրի նորածիններու վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ բուժուող երկու փոքրիկի (տղային եւ ամէնէն քիչ կշիռքով ծնած աղջկան) վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր:
<<Մասնագէտների կողմից գիշեր ու զօր ձեռնարկւում են բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները փոքրիկների վիճակը կայունացնելու եւ կեանքը փրկելու համար>>, կը տեղեկացնէ առողջապահութեան նախարարութիւնը, շեշտելով, որ երեխաներուն վիճակը կը գտնուի անձամբ նախարարի ուշադրութեան կեդրոնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ