By Asbarez | Monday, 08 May 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Նիուզ>> - Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 25ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 8 Մայիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին նախագահը հանդէս եկաւ ելոյթով:
Արցախի հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար պաշտպանութեան բանակի եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան խումբ մը զինուորներու, ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու յանձնուած են պետական բարձր մակարդակի պարգեւներ:
Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ մայիսեան Եռատօնը համայն հայութեան, հայոց անկախ պետականութեան ամենանուիրական տօներէն է. տօն՝ որ լի է մեծագոյն հպարտութեան ու արժանապատուութեան զգացումով. տօն՝ որ կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի տոկունութիւնն ու անկոտրում կամքը, հայրենասիրութիւնն ու անձնուիրութիւնը, անսպառ լաւատեսութիւնն ու անսասան հաւատքը:
<<Մայիսեան եռատօնը իւրայատուկ պատգամ է մեր ողջ ժողովրդին, մեզ բոլորիս՝ յիշել հայրենիքի նուիրեալներին, շարունակել նրանց կիսատ թողած գործը, անել հնարաւորը մեր անկախ պետականութեան հետեւողական ամրապնդման, զարգացման ու զօրացման համար: Դա անվերապահօրէն պահանջում է համակարգուած, միասնական եւ քրտնաջան աշխատանք, հայրենիքին ծառայելու անմնացորդ նուիրում>>, ըսաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ