By Asbarez | Thursday, 11 May 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Երեքշաբթի, 9 Մայիսին, <<Յաղթանակ>> զբօսայգի այցելած բնապահպանութեան նախարար, ՀՅԴ անդամ Արծուիկ Մինասեան, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ յայտնեց, որ ՀՀԿ-ՀՅԴ համագործակցութեան մասին նոր փաստաթուղթը նոր շեշտադրումներ կ՛ունենայ:
Դաշնակցական նախարարը նշեց, որ ինք կը փափաքի մնալ բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ՝ շարունակելու համար ոլորտին բարեփոխումները:
<<Այս պահին, թէ՛ կուսակցութեան, թէ՛ հանրապետութեան նախագահի դիրքորոշումը, կարծում եմ, այն է, որ պէտք է պահպանել ներկայիս կազմը, յատկապէս, որ մեծածաւալ փոփոխութիւններ պէտք է իրականացնենք ոլորտում: Դեռ որեւէ այլ բան չկայ>>, ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: Ան նկատեց, որ օրէնսդրութեան համաձայն՝ Մայիս 18էն ետք, մինչեւ 10 օր՝ վարչապետ պիտի նշանակուի, ապա վարչապետը 20 օր ժամանակ ունի կազմելու իր նախարարական դահլիճը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ